Երեւան
Երեքշաբթի, 27 մայիսին, Կարեն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի չորրորդ նիստը, զոր կը վարէր յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Ընդլայնուած կազմով գումարուած նիստին նպատակ էր 100-րդ տարելիցի միջոցառումերու պաշտօնական մեկնարկին ընդառաջ անգամ մը եւս ամփոփիչ կերպով յստակեցնել յանձնաժողովին գործողութիւններուն ժամանակացոյցը և ռազմավարութիւնը:
Անդրադառնալէ ետք տարածքային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու օր մը առաջ տեղի ունեցած համաժողովին, որուն ընթացքին քննարկուած են աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ընթացող նախապատրաստական աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները, Հանրապետութեան Նախագահը իր բացման խօսքին մէջ նշեց որ յանձնաժողովի անդրանիկ նիստէն յետոյ անցած երեք տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միջոցառումներու գծով կազմակերպչական և նախապատրաստական մեծ աշխատանք կատարուած է Հայաստանի, Սփիւռքի և Արցախի մէջ:
Նախագահը նշեց որ նպատակաուղղուած աշխատանքներ կը կատարեն հոգևոր կառոյցները, աւանդական կուսակցութիւնները, համահայկական և հասարակական կազմակերպութիւնները եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցները։
Նախ. Սարգսեան ըսաւ որ «Իւրաքանչիւրս պէտք է ունենանք մեր պատասխանատուութեան զգացումն ու չափաբաժինը հարիւրամեակի առիթով կազմակերպուելիք միջոցառումներու յաջողութեան և միջազգային իրազեկման նոր մակարդակ ապահովելու ուղղութեամբ»:
«Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարելիցը մեծ խորհուրդ ունի, և՛ համայն հայութեան, և՛ համայն մարդկութեան համար: Մարդկութեան դէմ ոճիրները վաղեմութեան ժամկէտ չեն կրնար ունենալ: Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միակ բանաձևը մարդկային պատմութեան սոսկալի էջերու ճանաչումն ու դատապարտումն է: Որպէս ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդ, մենք իւրայատուկ առաքելութիւն ունինք նման արհաւիրքներու կրկնութիւնը բացառելու ուղղութեամբե յարեց նախագահը, անգամ մը եւս կոչ ընելով բոլոր պետութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան ճանչնալու եւ դատապարտելու այս աննախադէպ ոճիրը։
«Աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ, ըսաւ ան, բազմաթիւ են կոչերն ուղղուած ժամանակակից Թուրքիոյ ղեկավարութեան՝ վերջ դնելու անհեռանկարային ժխտողական քաղաքականութեան: Թուրքիան պէտք է գիտակցի, որ Օսմանեան կայսրութեան յանցակիցը չդառնալու համար պատմութեան հետ առերեսումը և Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը այլընտրանք չունին»:
Ապա նախ. Սարգսեան տեղեկացուց, որ շարք մը պետութիւններու ղեկավարները հրաւիրած է Հայաստան 2015֊֊֊֊֊֊֊֊ի յատկապէս ապրիլի 24֊֊֊֊ին։ «Եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հետաքրքրուած են ճշմարտութեամբ, ուրեմն պէտք է գան Հայաստան և ապրիլի 24-ին կանգնին հայ ժողովուրդի կողքին: Չեմ կարծեր որ անկէ ետք անոնք արխիւներ բանալու մասին մտածեն։ Օգտուելով այս առիթէն` պաշտօնապէս կը հրաւիրեմ Թուրքիոյ նախագահը այցելելու Հայաստան 2015 թուականի ապրիլի 24-ին և առերեսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան խօսուն վկայութիւններունե յարեց նախ. Սարգսեան, որ խօսքը եզրափակեց ըսելով որ Մեծ Եղեռնի 100֊֊ մեր դատի սահմանագիծը չէ եւ հարիւրամեակով մենք պիտի ամփոփենք պատմական շրջան մը եւ պիտի ազդարարենք յանուն արդարութեան վերականգնման պայքարի նոր փուլ։
Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ ըսաւ յատկապէս. «Ամէն հայ վստահաբար պիտի ողջունէ եւ պիտի բաժնէ մեր անխառն ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը ի տես այս ժողովին որ Հայկական Պետութեան ղեկավարի նախագահութեան ներքեւ կը համախմբէ Հայութեան անխտիր բոլոր բաղկացուցիչներու ներկայացուցիչները՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին, համակարգելու համար այս առթիւ ծրագրուած միջոցառումները։ Յայտնապէս, 100-րդ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքները ընդգրկեցին Ազգին ամբողջ ներոյժը եւ համազգային զօրակոչի մը երեւոյթը ստացան Հայաստանէն եւ Արցախէն մինչեւ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր հայագաղութները։Հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը բացայայտեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը շրջադարձային հանգրուան մը դարձնելու իր վճռականութիւնը եւ Հայկական պահանջատիրութեան պատմականօրէն նոր թափ ու որակ տալու եւ ճանաչման պահանջէն հատուցման պահանջի հանգրուանը թեւակոխելու իր հաստատակամ առաջադրանքը»։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը աւարտեց շեշտելով միասնականութեան կարեւորութիւնը համազգային առաջադրանքներու յաջողութեամբ կենսագործումին համար։
Նշենք որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100֊րդ տարելիցի համայն հայութեան կարգախօս ընտրուած է «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», իսկ խորհրդանիշ՝ Անմոռուկ ծաղիկը։
Նիստէն ետք, Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որուն ներկայ եղան ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ գերապայծառ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Իրանի եւ Յունաստանի առաջնորդ գերապայծառ Նշան արք. Գարաքէհէեան, գերապայծառ Անդրանիկ ծ.վ. Այվազեան եւ գերյարգելի Վարդան վրդ. Գազանճեան։