Հինգշաբթի, 12 Յունիս 2008 - Քահանայական Ձեռնադրութիւն Միքայէլ Ուջարի

Տանն Կիլիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Չորեքշաբթի՝ 11 Յունիս  2008ին վերադարձաւ Հռոմէն: Հոգեւոր Տէրը իր այցելութեան ընթացքին կատարեց Միքայէլ Ուջարի քահանայական ձեռնադրութիւնը  Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.  

 
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
 

Յոյժ սիրելի Տէր Միքայէլ,

Մեծ ուրախութիւն մը մեզ կը պատէ այսօր Տէր Միքայէլ Ուջարի Քահանայական Ձեռնարդութեան առիթով: Շարունակելու համար մարդկութեան փրկչական գործը, Յիսուս Քրիստոս ամէն ազգէ եւ ամէն սերունդին մէջ մարդ կ‏’ընտրէ իր աստուածային կամքին համաձայն: Արդարեւ, քահանայական կոչումը անձնական փափաք մը չէ, այլ՝ աստուածային ընտրութիւն է: Յիսուս ըսաւ իր առաքեալներուն. «Դուք չէք որ ընտրեցիք զիս, այլ ես ձեզ ընտրեցի եւ հաստատեցի, որպէսզի երթաք եւ պտուղ տաք, եւ ձեր պտուղը մնայ, եւ ինչ որ խնդրէք Հօրմէն իմ անունովս՝ պիտի տայ ձեզի» (Յովհ. ԺԵ. 16): 

Իր «Թուղթ Ընդհանրական» գթութեան մէջ, սուրբ Ներսէս Շնորհալի մեծ Հայրապետը նոյն իմաստով իր խօսքը կÿուղղէ քահանաներուն. «Այս ալ իմացէ՛ք, ձեր քահանայութեան անուանակոչումը մարդոցմէ չէ, ոչ ալ մարդու միջոցաւ, այլ՝ անկէ որ կոչուեցաւ քահանայ, Մելքիսեդեկի Կարգին համաձայն, որ ինքն իսկ ճշմարիտ Քահանայ է, Քահանայապետ եւ Պատարագ Հայր Աստուծոյ: Ան ձեզի տուաւ իր անուան կոչումը, միաժամանակ ձեզի յանձնարարեց իր գործը՝ հովուել իր ժողովուրդը, միշտ բարի գործեր սորվեցնել եւ բարի օրինակ հանդիսանալ բոլորին»:  
Իր այցելութեան ընթացքին Լեհաստան, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը հետեւեալ խօսքերը ուղղեց ներկայ քահանաներուն. «Քահանայէն կը պահանջուի որ փորձառու ըլլայ՝ մարդոց օգնելու համար իրենց յարաբերութեան մէջ Աստուծոյ հետ», այսինքն քահանան միջոցներ պէտք է հնարէ՝ Աստուծոյ մօտեցնելու ամէն մարդ, որովհետեւ լոյսը, իմաստութիւնը եւ փրկութիւնը Աստուծմէ են: «Կը պահանջուի նաեւ քահանայէն, կը շարունակէ Սրբազան Պապը, որ հմուտ ըլլայ հոգեւոր կեանքին մէջ: Հարկաւոր չէ որ ան ծանօթութիւն ունենայ վերջին լուրերուն եւ արդիական գիւտերուն: Հաւատացեալները կը սպասեն քահանայէն,  որ ըլլայ վկայ Աստուծոյ ողորմութեան, վկայ քրիստոնէական իմաստութեան, վկայ սուրբ Աւետարանին: Ուստի,
 
 
անոր կ‏’իյնայ իր հոգեւոր կեանքը հոգալ եւ մանաւանդ աղօթքի պահերը չանտեսել, քանի որ աղօթքը հիմնաքարն է քահանայի կեանքին եւ անոր յաջող առաքելութեան համար: Անով, իր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ պիտի ըլլայ միշտ ջերմ եւ յարատեւ: Աղօթքը աւիշն է քահանայի կեանքին: Քրիստոս պէտք ունի այնպիսի քահանաներուն, որոնք հասուն ըլլան եւ արիասիրտ, եւ կարող ըլլան կիրարկելու մարդոց ի նպաստ ճշմարիտ հոգեւոր հայրութիւնը»: 

Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, զոր քահանան կը մատուցանէ ամէն օր, պարտի ըլլալ կենսական կեդրոնը եւ աղբիւրը ու հիմը քահանային բոլոր գործունէութիւններուն: Անոր աշխատանքը արդիւնաբեր պիտի ըլլայ, երբ ան դառնայ յատուկ կերպով ուրիշ Քրիստոս մը, որովհետեւ միայն Քրիստոսը կարող է լուսաւորել եւ ուղղել ամէն մարդ: Աւելցնենք նաեւ որ, այսօր աւելի քան երբեք, յաջողութիւն գտնելու համար անհրաժեշտ է քահանային որ ունենայ լուրջ զարգացում մը աստուածաբանական եւ Սուրբ Գրային գիտութիւններուն մէջ: Ան պարտի խորանալ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան մէջ ինչպէս նաեւ հետեւիլ սուրբ Աթոռին, Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսներուն եւ տեղւոյն Առաջնորդին տուած ուղղութիւններուն: Բայց ամէն բանէ առաջ, ան պարտի մօտէն ճանչնալ Յիսուսը՝  աղօթքով եւ սուրբ Գիրքը կարդալով, ոչ թէ դասական ձեւով այլ հոգեւոր մօտեցումով: Պիտի սորվի այսպէս Յիսուսը լսել ու Անոր հետ խօսակցիլ: Այս ձեւով հասկցուած, սուրբ Գիրքի ընթերցումը կը դառնայ սրտի աղօթք: Աւետարանիչները կը պատմեն թէ Յիսուս յաճախ գիշերները լեռ կը քաշուէր առանձին՝ աղօթելու համար: Քահանան եւս աղօթքի համար պէտք ունի առանձնութեան պահերուն, որպէսզի մշակէ Յիսուսին հետ անձնական յարաբերութիւն: Այս կերպով է որ պիտի կարենայ համոզիչ կերպով մարդոց քարոզել Քրիստոսի կեանքը եւ սուրբ Աւետարանը: Ուստի, քահանան պարտի ըլլալ նախ եւ առաջ աղօթքի մարդ՝ ըլլալու համար Աստուծոյ մարդ:

 
Քահանան պէտք է ըլլայ փափկասիրտ, յատուկ կերպով այրիին, որբին, բանտարկեալին, աղքատին, տկարին եւ հիւանդին հանդէպ, նմանապէս՝ տառապեալ եւ յուսալքուած անձերուն
 
հետ, որոնց պէտք է ցուցաբերէ նաեւ յարգանք ու գուրգուրանք, անոնց օգնութեան հասնիլ եւ իրենց ցաւերը ամոքել: Բոլորին հանդէպ, քահանան պիտի ըլլայ հայր, դաստիարակ եւ մխիթարիչ: 
Քահանան իր կեանքի օրինակ պիտի նկատէ Սուրբերը եւ Երանելիները, որոնք անպակաս են մեր Եկեղեցւոյ մէջ, եւ անոնց նման՝ իր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս պիտի դնէ Աստուծոյ սէրը եւ Աւետարանի ներումը տարածելու: Պիտի ըլլայ սիրոյ սերմնացան եւ վկայ Աւետարանի ուրախութեան՝ յաճախ տխուր եւ յոռետեսութեան տանող աշխարհի մը մէջ: Ամէնէն աւելի, ան պիտի սնուցանէ որդիական անկեղծ բարեպաշտութիւն Աստուածամօր հանդէպ: Սուրբ Կոյսը, որպէս քահանային մայրը եւ աւետարանումի աստղը, պիտի օգնէ իրեն, որպէսզի աճի սիրոյ մէջ եւ յառաջդիմէ տեւապէս դէպի սրբութիւն՝ որ է կեանքի գագաթնակէտը, թէ քահանային եւ թէ ամէն մարդուն համար:

Քահանային կարեւորագոյն մտահոգութիւններէն մին պիտի ըլլայ կոչումներուն հարցը, որովհետեւ մեր Եկեղեցիին կարիքները շատ են իսկ մշակները սակասաթիւ են: Այս պարտականութիւնը կը հայի նաեւ համայն քրիստոնեայ հասարակութեան եւ յատուկէն ձեզի՝ հոս ներկայ հաւատաւորներդ: Աղօթեց՛էք յարատեւօրէն կոչումներուն համար, Յիսուսի պատուէրին համաձայն, որ ըսաւ՝ «աղաչեցէ՛ք հունձքի Տիրոջ որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար» (Մատթ. 9,37):

Կը փակեմ խօսքս խնդրելով բոլորէդ որ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշէք ձեր Առաջնորդները եւ հոգեւոր հովիւները, եւ յատուկ կերպով Տէր Միքայէլ Ուջարը որպէսզի, Յիսուսի Սրտին համաձայն, արդիւնաշատ առաքելութիւն կատարէ: Թո՛ղ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան հովանաւորէ զինք, բարեխօս ըլլայ իրեն  եւ սրբութեան հասցնէ: Ամէն:
           


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ