Քեսապ, Սուրիա
Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2013-ը ,հոգեպարար եւ հանդիսաւոր օր մըն էր Քեսապի համար ընդհանրապէս եւ յատկապէս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար:
Առաւօտեան ժամը 10-ին, Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցանեց ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:
Աւետարանի ընթերցումէն ետք, ժողովրդապետ հայրը քարոզեց ներկայ ժողովուրդին, օրուայ տօնին շուրջ, ապա ան վեր առաւ արժանիքները Զմմառու արժանաւոր միաբան՝ հոգելոյս հայր Մեսրոպ վրդ. Ճուրեանին:
Պատարագիչ հայրը յստակ լուսաբանութիւն տալէ ետք հրեշտակներու տօնին եւ անոնց դասակարգերու մասին Հայ եկեղեցւոյ մօտ, ինչպէս նաեւ անոնց դերին մասին մարդոց համար, եզրափակեց ըսելով. «Երանի մեզի եթէ նմանինք բարի հրեշտակներուն, մեր անունները պիտի գրուին կենաց գրքին մէջ եւ Քրիստոսի գլխաւորութեամբ ու Աստուծոյ հրեշտակներու ընկերակցութեամբ երկինք պիտի առաջնորդուինք ժառանգելու երկնից՝ Արքայութեան անսպառ ուրախութիւնը եւ փառաց պսակը»:
Ապա հայր Նարեկ, խօսելով իր հոգելոյս ուսուցչին՝ հայր Մեսրոպ վրդ. Ճուրեանի մասին, վեր առաւ անոր արժանիքները, հոգեւոր, դաստիարակչական, հովուական, մտաւորական եւ խմբագրական մարզերու մէջ ու փակեց խօսքը ըսելով. «Հ. Մեսրոպի նման մտաւորական եկեղեցական մը երբ վախճանի, ան ամբողջովին չի մեռնիր, քանի որ անոր գործերն ու գրութիւնները կը շարունակեն իրմէ ետք ապրիլ եւ իրենց հետ՝ զինք եւս ապրեցնել եւ կերպով մը անմահացնել: «Թէ յիշատակս ալ թարամի, ո՜հ այն ատեն ես կը մեռնիմ», այսպէս կը գոչէր վաղամեռիկ բանաստեղծ՝ Պետրոս Դուրեան։ Եւ իրաւունք ունէր...։
Երջանկայիշատակ ՝գերյ. հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Ճուրեանի յիշատակը անթառամ պիտի մնայ իր հրատարակած գրութիւններով, գիրքերով եւ Քեսապի մեր եկեղեցւոյ բակին մէջ իր հարազատներուն կողմէ կանգնեցուած խաչքարով»:
Իր խօսքի աւարտին հայր Նարեկ յայտարարեց ըսելով. «Քեսապի հայ կաթողիկէ վանքին «Կիլիկիա» թանգարանին բացումը կը նուիրեմ իմ միաբան ուսուցչիս՝ հայր Մեսրոպին եւ Քեսապի նախկին ժողովրդապետ՝ Հայր Յակոբ վրդ. Ղարիպեանի անթառամ յիշատակին»:
Պատարագի աւարտին ներկաները՝ առաջնորդութեամբ պատարագիչ քահանային ու սպասաւորներուն, թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ բակը ուր կանգնած էր հայր Մեսրոպի յիշատակի խաչքարը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Հոգեպարար այս արարողութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ նարաստեղծ «Կիլիկիա» թանգարանին բացումը , որուն մասնակցեցան ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը, քոյր համայնքներու, միութիւններու եւ պետական պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Արդարեւ, հայր Նարեկ Քեսապ ժամանած օրէն, ընտանիքներու այցելութեան հետ համընթաց, ձեռնարկած էր Քեսապի անցեալին հետ կապ ունեցող իրերու հաւաքին եւ կարողացած էր ընտանիքներու բարեացակամ նուիրատուութեամբ հաւաքել մօտ 200 կտոր եւ զանոնք բծախնդրութեամբ տեղադրած էր վանքին առաջին յարկին միջանցքին եւ սենեակի մը մէջ ու հիմնած Քեսապի առաջին ազգագրական թանգարանը:
Հ.Կ.Մ.ի ջահակիրներն ու պատանիները նախ հնչեցուցին «Կիլիկիա» յաղթերգը, որմէ ետք թանգարանի յանձնախումբի անունով խօսք առաւ Արա Քեշիշեան։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ մեր գիւղի պապենական ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութեան վրայ, որուն մէկ համեստ քայլն էր այսօրուայ թանգարանին բացումը։ Ան ըսաւ թէ գործը կը շարունակուի ամենօրեայ ընթացքով, զարգացնելու, հարստացնելու ու ճոխացնելու «Կիլիկիա» թանգարանը նորանոր իրերով ու հնութիւններով, որոնք վկաներն են մեր նախնիներուն տքնաջան առօրեայ կենցաղին: Իր խօսքի աւարտին, պրն. Արա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր սիրանուէր նուիրատուներուն:
Ապա տեղի ունեցաւ բացումը թանգարանին, որմէ ետք հրաւիրեալներն ու ներկայ ժողովուրդը մեծ հաճոյքով դիտեցին ցուցադրուած հնարժէք իրերը եւ հիւրասիրուեցան գինիով ու կարկանդակով: