Պէյրութ, Լիբանան
Շաբաթ, 2 Յունուար 2010-ի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ Համալսարականներու միութեան պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանին այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, շնորհաւորելու համար Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առթիւ: