Հաղորդագրութիւն
Հինգշաբթի, 4 hոկտեմբեր 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը մեկնի Հռոմ, ուր պիտի մասնակցի համաշխարհային կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի ընդհանուր ժողովին, որուն խորագիրն է՝ «Նոր Աւետարանացումը քրիստոնեայ հաւատքի փոխանցման համար», եւ որ տեղի պիտի ունենայ 7 հոկտեմբերէն մինչեւ 28 հոկտեմբեր 2012-ին, Վատիկանի մէջ։ Այս ընդհանուր սիւնհոդոսին հրաւիրուած են քահանայապետական բոլոր ժողովներուն ու խորհուրդներուն նախագահները, կաթողիկէ արեւելեան Եկեղեցիներու պատրիարքները, ինչպէս նաեւ աշխարհատարած կաթողիկէ Եկեղեցիներու եպիսկոպոսներէն ներկայացուցիչներ։ Հրաւիրուած են նաեւ ներկայ ըլլալու ոչ կաթողիկէ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը։ Այս ժողովին նպատակն է՝ Նոր Աւետարանացման գործը յայտնաբերել ոչ միայն ոչ քրիստոնեաներուն համար, այլ նաեւ հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն համար, ինչպէս հայ ազգի զաւակները, եւրոպացիները եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, որպէսզի վերանորոգեն իրենց հաւատքը, որովհետեւ անաստուածութիւնը շատ յառաջ գացած է ամէն կողմ։ Ժողովը պիտի անդրադառնայ այն նոր միջոցներուն մասին, որոնք պիտի խրախուսեն քրիստոնեաները, որպէսզի ապրին իրենց հաւատքը, եւ հասկնան թէ Աստուած գոյութիւն ունի ամէնուրեք եւ ամէն ինչ կ՚ընէ մարդոց բարիքին համար։ Այս գաղափարները պիտի փոխանցուին նոր սերունդին եւ չափահասներուն, որպէսզի հաւատան սուրբ Աւետարանին, խօսքէն աւելի իրենց ապրելակերպով եւ համոզեն մարդիկ ձերբազատուելու համար աշխարհիկ քարոզչութիւններէն, որոնք կը լեցնեն իրենց առօրեան շահագործութեան եւ տիրապետութեան գաղափարներով։
Հոգեւոր Տէրը հանդիպումներ պիտի ունենայ Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ին հետ, որ անցեալ սեպտեմբեր 15-ին պատմական այցելութիւն մը տուաւ Զմմառու հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռ եւ այս առիթով օրհնեց առաջին հայ տպագիր՝ Յակոբ Մեղապարտին յուշարձանը։
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պիտի հանդիպի նաեւ զանազան կարդինալներու եւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցական անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հայ առաքելական հրաւիրեալ եկեղեցականներուն հետ, որոնք պիտի մասնակցին սիւնհոդոսական նստաշրջաններուն։
Ամենապատիւ Հայրապետին կեցութիւնը պիտի ըլլայ Հռոմի Ք. Լեւոնեան հայ վարժարան, եւ իրեն կ՚ընկերանայ որպէս գաւազանակիր՝ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան։
Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ 30 հոկտեմբերին։
Դիւան
Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի