Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ 2012 - Կարդինալ Ուիլիամ Լէւատա այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Պէյրութ

Աւագ Հինգշաբթի, 5 ապրիլ, 2012-ին առաւօտեան ժամը 11-ին կարդինալ Ուիլիամ Լէւատա Հաւատքի Վարդապետութեան Ժողովի նախագահը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը եւ հանդիպում ունեցաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ ներկայութեամբ արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպիսկոպոս Թէյրուզեանի, հայր Սարգիս վարդապետ Դաւիթեանի եւ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեանի: Կարդինալ Լեւատային կ'ընկերանային Պապական Նուիրակ արհիապատիւ Կապրիէլէ արքեպիսկոպոս Գաչչա, մոնսինիոր Ֆրանսիս Քելլի եւ Կապրիէլէ Ֆերրուչչի:

Վսեմաշուք կարդինալը Լիբանան ժամանած էր յատուկ հրաւէրով Պապական Նուիրակին, հանդիպելու համար Լիբանանի կաթողիկէ «հաւատքի հասարակութիւններուն» մանաւանդ կարգ մը կրօնաւորական հասարակութիւններուն եւ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն: Այս ծիրէն ներս է, որ հակիրճ այցելութեամբ մը պատուեց նաեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, եւ առիթէն օգտուելով շնորհաւորեց Յարութեան տօնը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշելէ ետք անոր տուած այցելութիւնը Հռոմի մէջ, բարձրաստիճան եկեղեցականին նուիրեց սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Երգ Երգոցի ֆրանսերէնով մեկնաբանութիւնը, արծարծելով Նարեկացիին ընդհանրական Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու հարցը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ նաեւ հայոց Մեծ Եղեռնին եւ անոր ոգեկոչումին 24 Ապրիլին: Ան հրաւիրեց պապական նուիրակը ոգեկոչման արարողութեան:

Վսեմաշուք կարդինալը հրաժեշտ առնելու ատեն Հոգեւոր Տիրոջ արդիւնաբեր եւ հոգեպարար Աւագ Շաբաթ մը մաղթեց, եւ երկու եկեղեցականները զիրար շնորհաւորհեցին Քրիստոսի սուրբ յարութեան աւետիսով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ