Երկուշաբթի, 14 Մարտ 2011 - ՀԿՄ Դամասկոսի Վարդանանց տօնակատարութիւն

 

Դամասկոս

 

Կիրակի 6 մարտ 2011-ին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ Ամինեան սրահին մէջ կատարուեցաւ նշումը Վարդանանց տօնին։ Հանդիսութիւնը կազմակերպած էր Հայ Կաթողիկէ Միութիւնը։ Մեծաթիւ ներկաները կը գլխաւորէին հանդիսութեան հովանաւոր Դամասկոսի հայ կաթողիկէ թեմի առաջանորդ արհիապատիւ Յովսէփ եպս. Առնաութեանը, Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանը,  քաղաքս հիւրաբար գտնուող Զմմառու միաբանութեան մեծաւոր գերապայծառ հայր Միքայէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանը, գերապատիւ հայր Գէորգ վրդ. Պահէյեանը՝ ժողովրդապետ, Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը, քահանայ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր եւ դամասկահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց հայր Գէորգ վրդ. Պահէյեան։ Խնամուած գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուեցաւ պատրաստութեամբ ՀԿՄ Պատանեկանի, Անարատ Յղութեան քոյրերու ծաղկանց վարժարանի եւ հայ կաթողիկէ Լոյս ճեմարանի անդամներու եւ աշակերտութեան կողմէ։ Կատարուեցան խմբային երգեր, արտասանութիւններ, նուագներ եւ բոլորն ալ ազգային ու հայրենասիրական բովանադակութեամբ ու Վարդանանց հերոսներու յիշատակը անմահացնող։ Օրուայ բանախօսն էր Հալէպահայ երիտասարդ մտաւորական, բանասէր պրն. Լեւոն Շառոյեանը, որ իր տպաւորիչ խօսքով ու համոզիչ ոճով կարողացաւ համապարփակ ներկայացնել Վարդանանց պատգամը այսօրուայ սերունդներուն։ Գեղարուեստական վերջին բաժնով ելոյթ ունեցաւ «Քնար» երգչախումբը փայլուն կատարումով ներկայացնելով 4 խմբերգեր։ Բակման խօսքը կատարեց գերապայծառ տէրը ու Մայր Հայաստանի հիմներգով վերջ գտաւ երեկոն։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ