Պէյրութ
Սիրելի հայր Սարգիս,
Մահուանդ լուրին դիմաց, ուզեցի հոգիիդ հետ խօսիլ այս առաւօտ կանուխ, եւ խօսքս գրել, որպէսզի գրածս աղօթք դառնայ եւ բարձրանայ առ Աստուած:
Իրարու հանդիպելու քիչ առիթներ ունեցանք երբ այս աշխարհիս վրայ էիր եւ այն մարմնով, որ ահա քու փափաքիդ համաձայն, Աւստրալիայէն կը բերուի մինջեւ Զմմառ, զայն հանգչեցնելու համար այլ միաբաններու աճիւններու կողքին:
Առաւելագոյնը երկու անգամ տեսնուած ենք կարծեմ: Գուցէ Միաբանական ընդհանուր ժողովներու ընթացքին: Գուցէ նաեւ Լեւոնեան վարժարանին մէջ՝ Հռոմ: Թուականներ չեմ յիշեր, սակայն կը յիշեմ ժպիտդ: Հաւանական է որ առաջին հանդիպումին ես դեր նոր քահանայ ձեռնադրուած էի, 1992-ին: Ահա այսպէս, սիրելի վարդապետ, այդ հանդիպումէն եւ նաեւ Զմմառու միաբան ձեռնադրութենէս շուրջ 23 տարիներ ետք, այսօր կանգնեցայ յոգնատանջ մարմինդ ամփոփող դագաղին վերեւ:
Աւստրալիա մեկնեցար առաքելութեան 1967-ին՝ ծննդեանս տարին: Ինծի համար ամբողջ կեանք մըն է ասիկա: Ոչ մէկ առաքելութիւն Զմմառեանի մը համար վերջնական կայք է, կ'ըսեն եւ ահա միայն մարմինդ վերադարձաւ վանք, իսկ հոգիդ, դուն, կը հանգչիս յաւիտենականութեան մէջ: Վերադարձուցին քահանայի պատարագուած մարմինդ քո՛ւ վանքդ, քո՛ւ տունդ, հանգստավայրը մարմնիդ, ինչպէս ամէն միաբանինը, որ կը վերադառնայ որպէս մասունք՝ սրբացնելու վանական հողը: Այժմ կը վայելես տեսութիւնը երկնային Հօրդ, եւ նահատակ միաբանակից եղբայրներուդ: Ողջոյններ փոխանցէ մեր նահատակ միաբաններուն: Ողջոյններ որպէս աղերսանք, որ բարեխօսեն մեզի համար, եւ մեզի ցոյց տան իրենց լուսաւոր դէմքերը եւ ուղին:
Սիրելի հանգուցեալ հայր Սարգիս,
Աւստրալիոյ մեր համայնքին պատմութիւնը չեմ գիտեր: Կ'իմանամ այդ մահազդէն, զոր Միաբանութեանս վարչութիւնը ղրկեց ինծի, թէ հիմնած ես երկու ժողովրդապետութիւններ եւ թէ մինչեւ այսօր անոնք կը գործեն հոն նշանակուած եռանդուն առաքեալներու ջանքերով, ըստ մարդոց վկայութեան, հակառակ բազում դժուարութիւններուն: Կազմակերպած ես համայնքը եւ հաւաքած ես հայ կաթողիկէները եկեղեցւոյ մը յարկին տակ, որպէսզի միասին աղօթեն: Հաւաքած ես եւ չես թողած որ չարիքը զանոնք բաժնէ իրենց պատկանելիութենէն, հեռացնէ իրենց ինքնութենէն եւ Քրիստոսէն ու ցրուէ: Բարեխօս թող ըլլան մեր միաբան հայրերը եւ աստուածային ողորմութեան շնորհիւ նաեւ դուն, որպէսզի այսօր, ամէն միաբան, այս աշխարհիս վրայ ուր ալ գտնուի ան, որքան ալ ժամանակով կամ տարածքով հեռու կամ մօտ ըլլայ Զմմառու վանքէն եւ պատրիարքական Աթոռէն, թող միշտ միացնո՛ղ ըլլայ ու հաւաքող: Աղօթավայր տայ հայ կաթողիկէին, եւ հաւաքէ որպէս հովի՛ւ, ինչպէս դո՛ւն ըրիր 48 երկար տարիներ, որ ինծի համար ամբողջ կեանք մըն է:
Ինչպէս կանոնագիրքը կը տնօրինէ, թիւով երեք պատարագներուս մէջ յատուկ կերպով եւ ջերմօրէն քեզ յիշեցի: Յիշեցի նաեւ մեր բոլոր միաբանները: Աղօթեցի, որ ձեր աչքն ու հովանին անպակաս ըլլայ երիտասարդ միաբաններուն վրայէն: Աղօթեցի նաեւ ուրիշ շատ մը բաներու համար, որ սակայն մեր մէջ, քո՛ւ եւ ի՛մ միջեւ պիտի մնան:
Լուսաբաց է երբ կը գրեմ այս տողերը եւ քիչ ետք պիտի վերադառնամ առաքելութեանս պարտականութիւններուն: Իսկ այս պահուս բոլոր միաբանակից երէց ու կրտսեռ եղբայրակիցներուդ հետ քեզի պիտի ըսեմ երթաս եւ հանգչիս բարով ու սրբութեամբ, շատ սիրելի միաբանակից եղբայր հայր Սարգիս:
Պէյրութ, 15 մայիս 2015
Հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան