Պէյրութ
Երկուշաբթի, 11 յունիս 2012, կէսօրուան ժամը 1.30-ին, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, ընկերակցութեամբ պրն Ապպուտ Պօղոսի, այցելեցին Աշրաֆիէի «Մար Նիքոլա» եկեղեցին, ուր հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան ցաւակցութիւնները յայտնեցին Թուէյնի ընտանիքին, նախկին երեսփոխան, դիւանագէտ, լիբանանեան եւ արաբական լրագրութեան ամէնէն երեւելի դէմքերէն, մեծանուն մտաւորական եւ բազմավաստակ հրապարակագիր Ղասսան Թուէյնիի մահուան առթիւ։
Ղասսան Թուէյնի մահացած էր Ուրբաթ, 8 Յունիսին, 86 տարեկանին, սուգի մատնելով Լիբանանը։ Անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր կեդրոնական Պէյրութի յոյն ուղղափառներու «Մար Ժըրժոս» եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ հոգեւոր եւ պետական անձնաւորութիւններու եւ մեծաթիւ սգակիրներու։