Երեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2012 - Սիւնոդասական հայրերու հրաւէրը՝ լաւագոյն կերպով օգտագործելու ընկերային հաղորդամիջոցները


Վատիկան

Նոր աւետարանացման մասին Վատիկանի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին մասնակցող բազմաթիւ հայրապետներ իրենց կատարած միջամտութիւններուն ընթացքին ընդգծեցին հաղորդակցութեան ընկերային միջոցներուն դերը Աւետարանացման ծաւալումին մէջ։ Այդ միջոցները պէտք է օգնեն ներկայ մարդուն ճանչնալու Քրիստոսը ու ապրելու Անոր ճշմարտութիւնը, այսպէս յայտարարած է Մինսքի առաջնորդը՝ գերապայծառ Գոնտրովիչ, որուն համոզումով հաղորդակցութեան ընկերային միջոցները պէտք է դառնան «յոյսի ճրագ» կերտելու համար ապագայ մը, հիմնուած՝ մարդու արժանաւորութեան վրայ։ Հաղորդակցութեան միջոցները Եկեղեցւոյ օգնութեան պէտք է հասնին որպէսզի ան լաւագոյնս կատարէ իր աւետարանական առաքելութիւնը։ Մենք կը գտնուինք ժամանակի մը մէջ ուր ոչ միայն կանչուած ենք կնքելու դարձի եկողները այլ եւ դարձի բերելու կնքուածները։

Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան աբբահայր Բրեվոյի գնահատումով ներկայ արեւմուտքը ու համայն աշխարհը դրսեւորուած է մասնաւորապէս հաղորդակցութեան միջոցներով եւ յատկապէս հեռուստատեսիլէն ու կինոյէն։ Ան ցաւով դիտել տուաւ որ արեւմտեան մամուլը կ'արտայայտուի քրիստոնէութեան դէմ եւ որոշ համակրանքով կ'արտայայտուի բոլոր այն հաւատալիքներու մասին, որոնք հակառակ են Աւետարանին։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=629930


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ