Շաբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2012 - Հայրապետական Գիր Օրհնութեան Առ Տիկին Ժանէթ Հարպոյեան

Պէյրութ
Դիւան թիւ 271/12


Հայրապետական Գիր Օրհնութեան
Առ
Սիրեցեալ Դուստր Մեր
Ազնուափայլ Տիկին Ժանէթ Հարպոյեան

Սոյն Հայրապետական գիրով, Մեր գնահատանքը Ձեզի կ'ուղղենք եւ Ձեր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Կարպիսին օրինակելի աջակցութեանը համար Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի հիմնարկութեան եւ կառուցման 25-ամեակի առիթով:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եւ մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, 80-ական թուականներու անապահով եւ դժուարին օրերուն, դպրոցի մը կառուցման ծրագիրը, որ Աստուծոյ շնորհքով իրականացաւ՝ ապահովութիւն եւ յոյս ներշնչեց եւ կը շարունակէ մինչեւ այսօր ներշնչել  թէ՛ եկեղեցական եւ  թէ՛ աշխարհական դասերուն: Այս իրողութեան վկայութիւնը հանդիսացաւ Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան վարժարանի 25 տարիներու կրթական աշխոյժ ու յարաճուն կեանքը:

Այս բոլորին հովանաւորը եղաւ, ինչպէս Ձեր կեանքով ալ կը վկայէք, Մեր Փրկչին Սուրբ Խաչը, որուն նշանով կը շարունակենք յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն մեր քրիստոնէական,  եկեղեցական եւ ազգային առաքելութեան մէջ: 

Կը մաղթենք, որ Մեր այս Գիր Օրհնութեամբ, Ձեր աջակցութիւնը օրինակ դառնայ բոլոր հայ կաթողիկէ ընտանիքներուն, որոնց համար մարդկային, հայկական եւ քրիստոնէական կազմաւորման օժանդակ վայրն է հայ դպրոցը հայ ընտանիքի կողքին:   

Կ’օրհնենք Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքը: Ձեզի կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ կ’աղօթենք առ Փրկիչն մեր, որ իր Խաչին հովանիին տակ պահէ Ձեզ, Ձեր զաւակները եւ Ձեր թոռները:


+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց


Տուեալ ի կաթողիկոսական Աթոռոյս ի Զմմառ
Ի վեշտասաներորդում աւուր յամսեանն Դեկտեմբերի յամի Տեառն 2012
Յերեքտասաներորդում ամի Հայրապետական Մերոյ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ