Պէյրութ
Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդը այս տարւոյն ապրիլ 17-էն 20, Լիբանանի մէջ սեմինար մը կազմակերպած է, «Հաղորդակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, որպէս միջոց աւետարանացումի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան» տիտղոսով: Այս սեմինարը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն համար, որպէսզի խորհրդակցութեան եւ կազմաւորման նոր հեռանկարներ բացուին այս շրջանին Եկեղեցիներուն առջեւ, թուային դարաշրջանին եւ հաղորդամիջոցներու մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովիւներն ալ հրաւիրուած են մասնակցելու այս սեմինարին եւ ըստ պատրիարքական քարտուղարութեան պիտի մասնակցին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Արհիապատիւ արքեպիսկոպոսներ Պետրոս Միրիաթեան, Ռաֆայէլ Մինասեան, Արհիապատիւ եպիսկոպոսներ Յովսէփ Առնաութեան, Յովհաննէս Թէյրուզեան, Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան եւ Ամմանի առաջնորդ գերապայծառ Յովսէփ թծվ Քէլէկեան: Ինչպէս նաեւ Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Րոպէր Աթթարեան:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կայքէջը պիտի շարունակէ այս սեմինարին մասին նորութիւնները փոխանցել իր ընթերցողներուն, խնդրելով նաեւ մասնակցութիւնը եւ առաքումը նոր գաղափարներու եւ կարծիքներու, հետեւեալ հասցէներուն [email protected] կամ [email protected] :
Ձեր կարծիքները կրնան նաեւ հրատարակուիլ ձեր խնդրանքով այս նոյն կայքէջին վրայ լուրերու բաժնին մէջ:
Ստորեւ կու տանք Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի կողմէն ներկայացուած տեղեկութիւններն ու գաղափարները, որոնք կը պատրաստեն այս սեմինարը:
Կաթողիկէ Եկեղեցին յաճախ գնահատականը կատարած է ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն: Անոնք ըստ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին «Արհեստի հրաշալի գիւտ են, մարդոց կարիքներուն համապատասխանող (Concile Vatican 2, Inter mirifica, sur les moyens de comմunication sociale, 1):
41 տարիներ առաջ «Communio et Progressio» ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու հովուական հաստատութիւնը շեշտը դրած էր հաղորդակցութեան միջոցներու աւետարանելու կարեւորութեան վրայ: Ան կը յայտարարէր թէ «այսօրուան հաղորդակցութեան միջոցները, մարդուն համար նորանոր ուղղութիւններ կը յարուցանեն աւետարանի պատգամին հետ հանդիպելու (Communio et Progressio, 128):
Նոյն ուղղութեամբ, Պօղոս Զ. քահանայապետը, Evangelii nuntiandi քահանայապետական յորդորանքին մէջ կը շեշտէ հաղորդակցութեան միջոցներու գործածութեան անհրաժեշտութիւնը ըսելով. «Եկեղեցին մեղապարտ պիտի զգար ինքզինք Աստուծոյ առջեւ, եթէ չ'օգտագործէր ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները, աւետարանելու գործին մէջ (Exհortation Apostolique, Evangelii nuntiandi, 45):
Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքի հովուական կազմաւորման 352-րդ կանոնին մէջ կը կարդանք թէ ժառանգաւորները նախ եւ առաջ պարտին ընտելանալ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու գործածութեան (Code des Canons des Eglises Orientales, 1990, p. 271):
Ահաւասիկ կարգ մը վկայութիւններ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու անհրաժեշտութեան մասին: Սակայն հարց կու տանք. արդեօք զանգուածային լրատուական ու հաղորդակցական միջոցները, իրօ՞ք դերակատար են մարդու կեանքին մէջ: Լրատուամիջոցներու ունեցած ազդեցութեան շուրջ տարաձայնութիւններ կան: Անգլիացի ժամանակակից սոսիոլոկ ՝ Անտոնի Գիդենզը, թեմա դարձուցած էր մարդու կեանքին մէջ լրատուամիջոցներու ազդեցութիւնը եւ փաստարկներ ու օրինակներ ներկայացնելով, ապացուցած է, որ հեռատեսիլի նման լրատուամիջոցներուն քաղաքացիներու կրած ազդեցութիւնը անհերքելի փաստ մըն է: Ան կը շարունակէ գրել որ հանրային տեղեկատուութիւնը կ'ազդէ մեր անհատական ու հասարակական կեանքի շատ մը կողմերու վրայ: Այս ազդեցութիւնները երեւան կու գան այն պատճառով, որ հաղորդակցութեան միջոցները մեզ կ'օգնէն ձեռք բերելու տեղեկութիւններ, որոնց հետ կապուած են հասարակական գործունէութիւնները: Որպէս օրինակ, եթէ մենք անհրաժեշտ չհամարէինք տեղեկութիւններուն հասանելիութիւնը, երբեք ազգային ընտրութիւններու չէինք մասնակցէր: Գիդենզը լրատուամիջոցներու, յատկապէս հեռատեսիլի գերիշխանութեան ու ծավալման մասին անդրադառնալով իրէ մտոհոգութիւն կը յայտնէ մարդու կեանքի վրայ անոր հետեւանքներու կապակցութեամբ: Իրեն համաձայն, եթէ նոյն առագութեամբ առաջ երթայ հեռատեսիլի դիտելու գործընթացը, ապա այսօր ծնած երեխան մինչեւ 18 տարեկան միջին հաշուով, քնելէն բացի, իր ժամերու մեծ մասը հեռատեսիլի համար կը հատկացնէ: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, բոլոր երկիրներուն մարդիկ աւելի քիչ ժամեր կը հատկացնէն, ժամանցային գործերու համար, ինչպէս հարազատներուն այցելելու, զրուցելու, ձեռային աշխատանքներ կատարելու, մարմնամարզութիւն ընելու, անգամ իսկ քնանալու համար, ժամերու մեծ մասը համակարգչի մօտ կ'անցնեն: Դեր աւելի՛ն, քանիներ ժամանակ կը տրամադրեն Աստուծոյ հետ խօսակցելու: Չենք ըսեր քանի ժամեր, այլ քանի վայրկեաններ կը տրամադրեն իրենց Արարիչին համար: Դժբախտաբար, մարդիկ պատրաստ են ֆիլմի մը համար ժամեր եւ ժամեր տրամադրելու, սակայն Աստուծոյ համար օրական 5 վայրկեան չունին: Վախ ունին լռութենէն, Հակառակ անոր որ լռութիւնը նաեւ հաղորդակցութիւն է, ինչպէս կ'ըսէ Պենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային 46րդ օրուան առթիւ յղած պատգամին մէջ. «Լռութիւնը հաղորդակցութեան պակասը չէ, այլ՝ մաս կը կազմէ այն տեղեկութիւններու եւ պատգամներու հոսանքին, որ կը բնորոշէ հաղորդակցութեան նոր մշակոյթը։ Խօսքը կը բխի լռութենէն ու անոր կը վերադառնայ»: Ան կը շարունակէ ըսելով. «Մարդը լռութեան մէջ կը գտնէ կարելիութիւնը խօսելու Աստուծոյ հետ եւ Աստուծոյ մասին»: Շեշտը դնելով աւետարանիչներու առաքելութեան վրայ Պենեդիկտոս ԺԶ. կը պատգամէ. «Լռութիւնն ու խօսքը եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան հիմնական եւ լրացուցիչ տարրերն են Քրիստոսի պատգամը տարածելու՝ ժամանակակից աշխարհի մէջ»:
http://www.radiovaticana.org/arm/Articolo.asp?c=577844