Երկուշաբթի, 14 Ապրիլ 2014 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Հսկեցէ՛ք, Քանի Չէք Գիտեր Ձեր Տիրոջ Գալուստին Օրը…»


Սիրելի՛ ընթերցող, քառասնօրեայ Մեծ պահքին վեցերորդ եւ վերջին կիրակին կոչուած է «Գալստեան», որուն երկար ընթերցումը առաջին աւետարանիչէն` Սուրբ Մատթէոսէն, ներկայիս կրճատուած է. ուստի, Յիսուսի երկրորդ գալուստին մասին ակնարկութիւններն (Մտթ. 23,39. 24,3) ու գլխաւոր բաժինը (Մտթ. 24, 26-44) մնացած են դուրս:

Այսպէս, դժբախտաբար, այսօր կարդացուած կտորը (Մտթ. 22,34-23,12) չի տար «Գալստեան» խորհուրդը, որով կը մատնանշուի Քրիստոսի երկրորդ ու վերջին գալուստը` նաեւ ակնարկուած «Դատաւորին» կարդացուած աւետարանին վերջին այս համարին մէջ.«Մարդու Որդին` Յիսուս Քրիստոս երբ գայ, արդեօ՞ք հաւատք պիտի գտնէ երկրին վրայ» (Ղկ. 18, 8):

Այո՛, Սուրբ Եկեղեցին կը հաւատայ եւ կը սպասէ իր Յիսուս Քրիստոս Հիմնադրին` «Մարդու Որդիին» երկրորդ գալուստին, որուն, սակայն, «օրը եւ ժամն ոչ մէկը գիտէ երկրին վրայ, ինչպէս նաեւ ոչ` հրեշտակները երկնքին մէջ» (Մտթ. 24, 36):

Մարդերը հաւատան կամ չհաւատան, երկվայրկեանով ու պարունակով միայն Աստուծոյ յայտնի երկրորդ գալուստը պիտի դիպի աշխարհի կատարածին, երբ Դատաւոր-Թագաւորը պիտի ժամանէ ընելու համար «վերջին դատաստանը» թէ՛ «աջակողմեաններուն» եւ թէ՛ «ձախակողմեաններուն»: Առաջինները պիտի հրաւիրուին «յաւերժական կեանքին», իսկ երկրորդները պիտի ղրկուին «յաւիտենական տանջանքին» (Մտթ. 25, 31-46):

«Աջակողմեաններուն» կամ, «Աստուած մի՛ արասցէ», «ձախակողմեաններուն» մեր պատկանիլը մեզմէ կախում ունի: Աստենական մեր կեանքը միայն պատրաստութիւն եւ սպասում է անդենական մեր կեանքին:

Այս ճշմարտութեան դիմաց` մարդասէր Տէրը կը հրահանգէ մարդերուն ու մեզի. «Հսկեցէ՛ք, քանի չէք գիտեր ձեր Տիրոջ գալուստին օրը (Մտթ. 24, 42): Աղօթեցէ՛ք (Մտթ. 24, 20), որովհետեւ ձեր չակնկալած ժամուն պիտի գայ Մարդու Որդին» (Մտթ. 24, 44):

Մեր հսկումին եւ աղօթքին անպայման համընթանալու են մեր եղբայրասիրութեան ու օգնութեան արարքները նկատմամբ անօթիին, ծարաւին, պանդուխտին, մերկին, հիւանդին եւ բանտարկեալին, որոնք հարազատները` քոյրերն-եղբայրներն են Դատաւոր-Թագաւորին (Մտթ. 25, 40):

Մեր կրօնը զարմանալի կրօն է, քանի անոր Աստուածամարդկային Հիմնադիրը շատ աւելի զարմանալի է: Ինչո՞ւ… Որովհետեւ մեր յաւիտենական ուրախութիւնը կամ տխրութիւնը կը պայմանաւորէ մեր մէ՛կ սիրարարքով` գործօն ընկերասիրութեամբ լոկ, որ ոչ միայն անբաժանելի է մեր աստուածասիրութենէն, այլ նաեւ կը գործնականացնէ զայն:

«Լսէ՛, ո՜վ իմ ժողովուրդ, մեր Տէր Աստուածը միակ Տէրն է: Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ մտքովդ եւ ամբողջ կարողութեամբդ: Ահաւասիկ նաեւ երկրորդը: Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս: Այս երկու պատուիրաններէն աւելի մեծը չկայ» (Մրկ. 12, 29-31):

Գործնական աստուածասիրութեամբ ու գործօն ընկերասիրութեամբ պայմանաւորուած մեր յաւիտենական ուրախութեան անյետսկոչելի վճիռը լսե՛նք ամենագէտ եւ արդարատ Դատաւոր-Թագաւորէն, որ պիտի ծանուցանէ «աջակողմեաններուն»:

«Եկէ՛ք, իմ Հօրս օրհնեալները, առէ՛ք իբրեւ ժառանգութիւն` Արքայութիւնը, որ աշխարհին սկիզբէն ի վեր պատրաստուած է ձեզի համար:

Որովհետեւ անօթեցայ, եւ դուք կերակրեցիք զիս:

Որովհետեւ ծարաւի էի, եւ դուք խմցուցիք ինծի:

Որովհետեւ պանդուխտ էի, եւ դուք ընդունեցիք զիս:

Որովհետեւ մերկ էի, եւ դուք զգեստաւորեցիք զիս:

Որովհետեւ հիւանդ էի, եւ դուք այցելեցիք ինծի:

Որովհետեւ բանտարկեալ էի, եւ դուք եկաք տեսնելու զիս» (Մտթ. 25, 31-36):

Զարմանահար` «աջակողմեանները», որոնք «արդարներն» են, պիտի պատասխանեն. «Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ տեսանք անօթի ու կերակրեցինք, ծարաւի` եւ խմցուցինք…: Ե՞րբ քեզ տեսանք պանդուխտ եւ ընդունեցինք, մերկ` ու զգեստաւորեցինք…: Ե՞րբ քեզ տեսանք հիւանդ կամ բանտարկեալ եւ այցելեցինք քեզի…» (Մտթ. 25, 37-39):

Ուշադրութի՛ւն: Աստուածային Իրատեսին ու Հեռատեսին յայտարարութիւնները միշտ այժմէական են, բայց մանաւանդ` մեր ապրած օրերուն, երբ մեր «փոքր ածուին» մէջ մնալուն համար Սուրիայէն մեր քաղաքը կը հասնին տառապահար մեր ազգակիցները, որոնց հանդէպ մեր ունեցած կամ ունենալիք վերաբերումէն կախեալ է Դատաւոր-Թագաւորին պատճառաբանութիւնը` մեզ յաւերժօրէն ընդունող կամ մերժող:

«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ, որ նման բարիք մը ըրիք մէկուն այս փոքրիկներէն, որոնք իմ եղբայրներս ու քոյրերս են, ինծի՛ ըրիք զայն» (Մտթ. 25, 40):

«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ, որ նման բարիք մը մերժեցիք մէկուն այս փոքրիկներէն, որոնք իմ եղբայրներս ու քոյրերս են, ինծի՛ մերժեցիք զայն»(Մտթ. 25, 45):

Այսպէս Յայտարարողը նաեւ իր խօսքերուն Գործադրողն է, որուն յանկարծահաս «երկրորդ գալստեան» ժամուն գործնական աստուածասիրութեան ու գործօն ընկերասիրութեան արարքներով բեռնաւոր ըլլալիք «աջակողմեանները» իրենց  անմահացնող «Փեսային հետ կը մտնեն հարսնետունը» (Մտթ. 25, 10) Դատաւոր-Թագաւորին արքայութեան մէջ:

Մինչ այդ, «միշտ պատրաստ վերադարձող Տիրոջ» (Ղկ. 12, 35) եւ մեր «ժառանգութիւնն Արքայութեան» մէջ ստուգապէս ստանալու համար` Մարիամ Սիրամօր դիմե՛նք հայ շարականագիրին հետ. «Աստուածածին անհարսնացեալ, երկրէն երկինք ընծայուած Հարս, երբ բազմիս լոյսին նման, Քու Միածինիդ աջակողմը, այն ատեն մաղթէ՛, որ մեզ ազատէ ահեղ բոցէն եւ համադասէ արդարներուն, որպէսզի Քեզ երգենք երկնայիններուն հետ»: Ամէն:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 6 ապրիլ 2014


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ