Պէյրութ
Ամենապտիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, որ հովուապետական այցելութեամբ Թեհրան կը գտնուէր շաբաթ 21 յունուարէն ի վեր, չորեքշաբթի 28 յունուարի երեկոյեան Թեհրանէն մեկնեցաւ Երեւան, ուր պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի հերթական 5-րդ նիստին։ Ան իր նստավայրը պիտի վերադառնայ շաբաթ 31 յունուարի յետմիջօրէին։
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի