Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2015 - Զանգի 100 զարկեր հնչեցին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Աւետման եկեղեցւոյ զանգակատունէն

 

 

Պէյրութ

Ընդառաջելով Գարեգին Բ. ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին կոչին, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը հրահանգեց որպէսզի համայն հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու զանգերը 100 զարկերով  յիշեն Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:

Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայ եկեղեցիներու երկնասլաց գմբեթներէն հնչող այս 100 զարկերը պիտի արտայայտեն համայն հայ ժողովուրդին յաւերժ հաւատարմութիւնը իր նահատակներուն յիշատակին ու կտակին:

100 զարկերը միաժամանակ պիտի հանդիսանան Հայոց նահատակներուն աշխարհասփիւռ ժառանգորդներուն աղօթքը առ Աստուած որպէսզի իր հովանին երբեք չհեռացնէ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին վրայէն, որ գերագոյն զոհողութեան գնով կառչաղ մնաց իր հաւատքին:

Զանգերու 100 զարկերը սիրոյ եւ միութեան մշտահունչ հրաւէր մը պիտի ըլլայ ի փառաբանումն Աստուծոյ, ի պայծառութիւն հայ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդին:

Ստորեւ կապը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի զանգերու 100 զարկերուն տեսաերիզին:

https://www.youtube.com/watch?v=1lB1g5b_K7I

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ