Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2013 - Ճիշդ ժամանակին եւ ճիշդ նպատակաուղղուածութեամբ կեանքի կոչուած կառոյց

ՀՀ սփյուռքի նախարարությունը 5 տարեկան է. «Ճիշդ ժամանակին եւ ճիշդ նպատակաուղղուածութեամբ կեանքի կոչուած կառոյց»


Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւնը արդէն 5 տարեկան է:   Այս հինգ տարիներու յարաբերաբար կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին այս գերատեսչութեան կողմէ կատարուած հսկայական աշխատանքին վրայ նոյնիսկ հպանցիկ ակնարկ մը բաւարար է՝  նկատելու համար, որ ան ոչ միայն արդարացուց, այլ գերազանցեց իր կոչումը  Հայաստանը Սփիւռքին կամրջող բազմաբնոյթ ծրագիրներու ու միջոցառումներու ընդմէջէն  յայտնաբերելու Հայութեան ներուժը, զայն կազմակերպելու եւ  հայրենակեդրոն դարձնելու, զայն  հայրենիքի զարգացման եւ հայկական պետականութեան հզօրացման ծառայութեան մէջ դնելու, թիկունքին հզօր հայրենիքի մը՝ իրականութեամբ հպարտացնելու ու զօրացնելու Սփիւռքը, հայրենի իրականութիւնը, հողն ու ջուրը  շօշափելու առիթներ ստեղծելու սփիւռքահայ նորահաս սերունդներուն, զօրացնելու հայապահպանութեան կռուանները, սփիւռքահայուն   ինքնութեան արմատները ամրացնելու, ֆիզիքապէս եւ այլապէս հայրենադարձութեան գաղափարը շօշափելի դարձնելու եւ վերջապէս  տասը միլիոն Հայութիւնը    համախմբելու, միասնացնելուու բռնցքացնելու ազգային հիմնախնդիրներուն շուրջ:
«Ճիշդ ժամանակին եւ ճիշդ նպատակաուղղուածութեամբ կեանքի կոչուած կառոյց մը» իր  «Ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին վրայ» ղեկավարով՝  մտածած էի այն բացառիկ հարցազրոյցէն ետք զոր նորաստեղծ նախարարութեան ղեկավարը՝ Տիկին Հրանուշ Յակոբեան 22 Սեպտեմբեր 2008-ի երեկոյեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ  շնորհած էր ինծի: Այսուհանդերձ, իմանալէ ետք  նորանշանակ նախարարուհիին ներկայացուցած չափազանց յաւակնոտ եւ հսկայական ճիգ ու ջանք պահանջող առաջադրանքներն ու ծրագիրները, անկեղծօրէն խոստովանիմ, որ այն ժամանակ որոշ թերահաւատութեամբ բաժնուած էի զրուցակիցէս՝ հակառակ անոր ցուցաբերած տինամիզմին, իրեն վստահուած գործը յաջողութեամբ գլուխ հանելու ինքնավստահութեան եւ հաւատքին:
Այսօր, ուղղիղ հինգտարիներ ետք, այդ թերահաւատութիւնս հիացումի վերածուած է ի տես այդ ինծի համար պատմական հարցազրոյցի ընթացքին Տիկին Յակոբեանին կողմէ առաջադրուած նպատակներու իրագործումին, շնորհիւ նաե°ւ նախարարութեան որակեալ անձնակազմին, որուն  անդամներու ընտրութիւնը պատահական չի կրնար եղած ըլլալ, որովհետեւ իրենց ղեկավարին նման, անոնք եւս իրենց վստահուած աշխատանքը ընդունած են իբրեւ առաքելութիւն:
Գործը իբրեւ առաքելութիւն ընդունող մարդիկ միայն կրնան անհնար թուացող առաջադրանք մը հնարաւոր դարձնել՝ այն ալ յարաբերաբար կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ:

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Լրատուական գրասենեակի վարիչ քարտուղար


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ