Կիրակի, 17 Յունիս 2007 - Քնար Երգչախումբի Տարեկան Համերգ

 

Դամասկոս, Սուրիա

                                                                           Շաբաթ 26
 
Մայիս 2007 ի երեկոյեան, Ամինեան սրահին մէջ, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Քնար» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ համերգով մը, նուիրուած երկրիս նախագահ Տոքթ. Պաշշար էլ Ասատին՝ եւ երգչախումբի հիմնադրութեան 45 ամեակին:

 Սրահին մէջ տեղ գրաւած էին  երգն ու երաժշտութիւնը սիրող ու  «Քնար»ի վաստակը գնահատող բազմաթիւ հայորդիներ ու հիւրեր՝ գլխաւորութեամբ համայնքիս Առաջնորդ ու համերգի հովանաւոր՝ Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանի: Ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Իրաքի կաթողիկէ հայոց Առաջնորդ Հ. Անտոն Գերապայծառ Ադամեան, Գերապատիւ Հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան,  Դամասկոսի  Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Տաթեւ Պասմաճեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան բարձրամեծար հաւատարմատար Տէր եւ Տիկին Արտեմ Ազնաւուրեան,  Հայաստանի դեսպանատան Ա. քարտուղար Տէր եւ Տիկին Կարէն Գրիգորեան, Արժանապատիւ քահանայ հայրերու, առաքինազարդ Անարատ Յղութեան միաբանութեան քոյրեր, Սուրիոյ ՍէմՖոնիք նուագախումբի ղեկավար՝ Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեան, բարձրագոյն երաժշտանոցի փոխ
 
տնօրէն՝ Պարոն Հուսամ Պրիմօ ու հայկական  միութիւններու ու կրթական հաստատութիւններու  ներկայացուցիչներ: Երգչախումբը խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի ու դաշնակի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց փունջ մը երգեր:
 
Յիշատակելի էին Կոմիտասի «Գարուն Ա»ն, Հայկական ժողովրդական երգերու շարանը Ս. Շաքարեանի մշակումով,  Հ.Անասեանի «Տարօնի սուգը», Խ. Աւետիսեանի Վաղարշապատի պարը ու շատ մը ուրիշներ:Ս. Լուսիկեանի «Նոր Հայաստան» զուգերգը յաջող կերպով մեկնաբանեցին  երգչախումբի երկար տարիներու փայլուն երգիչներ ԺոզէՖ եւ Ժան Բիեռ Իսքէնտերեան եղբայրները, արժանանալով ներկաներուն որոտընդոստ ծափերուն: Խումբի վեթերան անդամ ու երկար տարիներու միութեան ու երգչախումբին ծառայող Պրն. Արամ Գայայեան ու ԺոզէՖ Իսքէնտերեան, խումբի ընկերակցութեամբ  կատարեցին, մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի խօսքերով ու Վ. Կոտոյեանի երաժշտութեամբ ու Շողակ Աբարդեան-Սելիմեանի նոր մշակումով «Իմ Երեւան» երգը՝ գոհունակութեան ալիք մը ստեղծելով: «Ֆի սապիլ էլ մաժտ» արաբերէն հայրենասիրական երգը Վ. Պապէնքօյի մշակումով հնչեց թարմ ու խանդավառ: Այսպէս իրար յաջորդեցին երգերն ու ներկաներուն տրամադրութիւնը աստիճանաբար բարձրացաւ: Խումբը մեծ յաջողութեամբ կատարեց P. Certon ի «Je le Vous Dirai» երգը, ապա Լատին Ամերիկեան կշռոյթներով նշանաւոր «Sway»ը: Այստեղ երգչախումբի կատարման ընթացքին խումբի անդամներէն Օրդ.Սարին Վարպետեանը ու րն. Սարգիս Գուզույեանը կատարեցին սքանչելի պար մը որ իսկապէս անակնկալ էր ու մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց: Ուքրանական ժողովրդական «Konei» երգի կատարումը հրճուանք ու ուախութիւն ստեղծեց սրահին մէջ: Կատարման ընթացքին դաշնակահարի կողքին  խմբավարը նուագակցեցաւ ձեռնադաշնակով առավել փայլուն դարցնելով եր•ի մատուցումը:  Ներկաներու փուռն ծափերուն ընդառաջելով երգը կրկնուեցաւ: «Վարդանանց Ասպետներ»ը  տարիներ առաջ «Քնար»ը կատարած էր ու մեծ ընդունելութիւնը գտած: Երգը նոյնքան փայլուն ու տպաւորիչ հնչեց «Քնար»ի  ընդհանուր պատասխանատու ու մղիչ ուժը հանդիսացող Սարգիս Քէշիշեանի մենակատարութեամբ ու  խումբի ընկերակցութեամբ: Համերգը աւարտեցաւ «Միասնութեան շուրջպար» երգով
 
՝ գագաթնակետին հասցնելով ներկաներու խանդավառութիւնը: Մեներգը իր հմայիչ ձայնով կատարեց Տիկին Լիլա Պօղոսեան որ սիրով ընդունած էր երգչախումբի հրաւէրը  այս երգը կատարելու: Երգչախումբի տղաքներէն Հրաչ Պէքեան, Սարգիս Գուզույեան ու Վաչէ Կիւլիւմեան երգի ընթացքին ներկայացուցին հայկական պարի հաճելի պատկերներ, անոնց միացան նաեւ երգչախումբի աղջիկները ստեղծելով բեմական գեղեցիկ ներկայացում  մը: Բնական էր որ ներկաները բուռն ծափերով պահանջէին անգամ մը եւս լսել «Միասնութեան շուրջ պարը»: Խումբն ու Տիկին Պօղոսեանը մեծ սիրով կրկնեցին, առիթ տալով որ ներկաներն ալ միանային երգչախումբին երգելով՝ «Միասնութեան շուրջպար բռնենք միակամ, Հայը Հային ընկեր եղբայր բարեկամ, Արագածի լանջերին ծով ծովանանք, դառնանք բարի, դառնանք զօրեղ, ուժ դառնանք...»:

Պրն. Սարգիս Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք ծաղկեկողովներով ու նուիրատուութիւններով քաջալերած էին երգչախումբը ու հրաւիրեց Գերապայծառ տէրը իր սրտի խօսքը ուղղելու:

Գերապայծառ Տէրը մեծապէս գնահատելով «Քնար» երգչախումբը, շեշտեց թէ երգչախումբի անդամներն ու պատասխանատուները պայքարեցան որպէսզի այս յաջող համերգը ներկայացնեն: Ան նորանոր յաջողութիւններ ու յարատեւութիւն  մաղթեց երգչախումբին: Համերգը վերջ գտաւ Մայր Հայրենիքի քայլերգով: Ներկաները լիացած մեկնեցան սրահէն երգի ու երաժշտութեան մոգական ազդեցութեան տակ: 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ