Հաւատացեալները մեծ թիւով կը մասնակցին պատարագներուն եւ ծիսական արարողութիւններուն:
Բոլոր պսակները կը կատարուին եկեղեցիներուն մէջ եւ կ՝արձանագրուին ուղղակի պետական տոմարներուն մէջ: Պետական պսակներ չկան երկրիս մէջ:
Բոլոր հաւատացեալները իրենց զաւակները փոքր տարիքին մկրտել կու տան: Առաջին Հաղորդութեան, Ս. Ծննդեան, Ս. Շաբթուան արարողութիւնները ինչպէս նաեւ Քառասնորդացի, Մայիսեան եւ Սիրտ Յիսուսի ջերմեռանդութիւնները մխիթարական են թէ ժողովուրդին եւ թէ վարդապետներուն համար:
Պատարագի եւ Ս. խորհուրդներուն մատակարարման ընթացքին երբեմն կը գործածուի արաբերէն լեզուն որպէսզի հաւատացեալները կարենան աղօթքներուն մասնակցիլ:
Բազմաթիւ հոգեւոր եղբայրութիւններ գոյութիւն ունին ժողովրդապետութիւններուն մէջ: Յատուկ տեղ ունին Ս. Ռիթայի եւ Ս. Թերեզայի հանդէպ հոգեւոր ջերմեռանդութիւնները:
6. Քրիստոնէականի Ուսուցումը եւ Դպրոցները
Երեք ժողովրդապետութիւններուն մէջ Քրիստոնէական Վարդապետութեան ուսուցման կեդրոններ գոյութիւն ունին ուր հարիւրաւոր փոքրիկներ կը հաւաքուին Ուրբաթ օրերը կէսօրէն ետք եւ Կիրակի օրերը առաւօտեան:
Թեմը կը հովանաւորէ երկու դպրոցներ մօտ 800 աշակերտներով:
1. Մեսրոպեան Աս-Սալամ վարժարան՝ Մանկապարտէզէն մինչեւ պրէօվէ (Գամիշլի)
2. Հայկազեան Մուահհատէ դպրոց՝ Մանկապարտէզ եւ նախակրթարան (Հասաքէ)
7. Բարեսիրական Գործունէութիւն
Ամէն ժողովրդապետութիւն ունի բարեսիրական Յանձնախումբ մը իր աղքատներուն օգնելու համար:
Թեմը գործօն ներկայութիւն ունի Բարեսիրական Ճինիշեան եւ Գարակէօզեան Հաստատութիւններէն ներս:
Ամէն տարի ամառնային արձակուրդներու շրջանին օդափոխութեան եւ կազդուրման բազմաթիւ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին երեք ժողովրդապետութիւններուն երիտասարդներուն եւ փոքրերուն համար, Քեսապի, Պաղճաղազի եւ Քաֆրունի շրջաններուն մէջ: