Պէյրութ, Լիբանան
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպում ունեցաւ տոքթոր Սալէհ Զահր էլ Տինի հետ, որ վերջերս 2010ին հրատարակած է «Օսմանեան Կառավարութեան քաղաքականութիւնը Արեւմտահայաստանի մէջ, եւ միջազգային ուժերուն կեցուածքը անոր նկատմամբ» վերնագրով պատմագիտական հատորը: Յիշենք, որ այս նիւթը յաջողութեամբ ներկայացուած եւ քննարկուած է Հայաստանի ազգային գիտութիւններու ակադեմիայի արեւելագիտութեան բաժնին մէջ: