Պոլիս, Թուրքիա
Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմը 7էն 12 Յունիս 2007ին, 5 օրուայ շրջապտոյտ մը կազմակերպեց դէպի Տիարպէքիր, Մարտին, Միտեադ, Սաւուր, Քլիսդէբէ, Տարա, Մծբին, Այնդապ, ՈւրՖա եւ
Ատիեաման:
Այս քաղաքները կը գտնուին թուրքիոյ հարաւ արեւելեան կողմը, որոնք ճանչցուած են որպէս հնագոյն եւ պատմական քաղաքներ, իրենց վանքերով, եկեղեցիներով եւ ճգնարաններով: Հարկ է յիշել, որ այս շրջաններուն մէջ քրիստոնէութիւնը ծաղկեցաւ, աճեցաւ եւ նահատակներ, սուրբեր, ճգնաւորներ եւ երանելիներ տուաւ՝ որոնցմէ կ՛արժէ յիշել Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը՝ Մարտինի նահատակ հերոսը:
Շրջապտոյտին մասնակցեցան Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեան եւ թեմէն 24 հաւատացեալներ:
Այս շրջապտոյտին մասնակցողները ամէն օր այցելեցին քաղաքներ, գիւղեր, պատմական վայրեր, վանքեր, եկեղեցիներ ուր կը մատուցուէր հայածէս Ս. Պատարագ եւ անոնք կը վկայեն թէ
քաղաքներուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը իսլամ է իսկ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը կազմուած է մեծամասնութեամբ ուղղափառ ասորիներէ:
Այս քաղաքներուն մէջ տակաւին մէկ հայ կաթողիկէ եկեղեցի կը գտնուի Մարտինի մէջ ( Ս. Յովսէփ), ուր Ս. Պատարագ կը մատուցուի ամիսը մէկ
անգամ ուղղափառ ասորիներու կողմէ:
Եկեղեցին առանց քահանայի է 50 տարիներէ ի վեր:
Անոնք որոնք այցելեցին այս տեսարժան վայրերը կը վկայեն թէ վանքերուն եւ եկեղեցիներուն դռները բաց են բոլորին առջեւ.այս շրջանի քրիստոնէութիւնը կ՛ապրի համամիութենականութիւնը իր բոլոր էութեամբը եւ հոգիով անխտիր: