Sermons Sermons
Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2006 - Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեանի Ա. Տարելիցին Առթիւ


«Արդարն իմ ՛ի հաւատոց կեցցէ» (Ամբ.Բ.-4)

Սուրբ Գիրքը կը հաստատէ թէ այն անձը, որ հաւատարիմ է Աստուծոյ՝ Անոր խօսքին ու կամքին, արդար պիտի կոչուի եւ անոր կեանքը ապահով է: Ան Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ պիտի մնայ: Մինչ ամբարտաւանը՝ որ կ՛‏արհամարհէ աստուածային պատուիրանները՝ արդէն ինքզինք դատապարտած կ՛ըլլայ:

Կրնանք հաստատել՝ թէ հանգուցեալ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան իր ամբողջ կեանքով աշխատեցաւ հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ խօսքին ու կամքին:

երբ լսեց Յիսուսի կանչը՝ մատղաշ հասակին հօրը տունը՝ Մարաշ, չվարանեցաւ ընդառաջ երթալու քահանայական կոչումին Յիսուսեան Հայրերուն մօտ: Որովհետեւ անոնց քով տեսաւ Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալու իրենց բարի օրինակը, որ զինք քաշեց անոնց Միաբանութեան անդամակցելու:

Սակայն կրօնաւոր Սահակը հաւատարիմ մնաց մինչեւ վերջ իր ազգին ու տոհմին: Որպէս Յիսուսեան հայր իր առաքելութիւնը կատարեց Հալէպի Սուրբ Վարդան եւ Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայադրոշմ վարժարաններուն մէջ:


«Արդարն իմ ՛ի հաւատոց կեցցէ»

Իր հաւատքի ապրումը իրեն կը շնորհէր երջանիկ ու խաղաղ կեանք: Առաւելութիւններ՝ որ Հայր Սահակը ամէնուն կը փոխանցէր իր առաքինի վարուելակերպով եւ հեզահամբոյր նկարագրով: Ժպիտը չէր բաժնուեր իր դէմքէն: Աստուծոյ սէրը տարածելու համար հիւանդներուն կ՛այցելէր տան մէջ կամ հիւանդանոց եւ անոնց սուրբ խորհուրդները կը մատակարարէր: Կեանքի վերջին տարիներուն, իր ընդհանուր մեծաւորէն խնդրեց արտօնութիւնը հոգեւոր վարիչի պաշտօնը կատարելու Օթել Տիէօ հիւանդանոցին մէջ, աւելի մօտ ըլլալու համար տառապեալներուն եւ մահամերձներուն՝ անոնց ցաւերը մեղմելու համար:

Հայաստան գտնուած ժամանակ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար, Հայր Սահակ չէր մոռնար իր քահանային վիճակը հոգեւոր մխիթարութիւն սփռելու ամենուրեք: Ան ոչ միայն երեխաներ, այլ նաեւ կը մկրտէր չափահասներ: Ռատիոկայանէն կը քարոզէր եւ Հայ Քոյրերուն հոգեւոր կրթութիւն կ՛ընէր:


«Արդարն իմ ՛ի հաւատոց կեցցէ»

Հաւատարիմ ըլլալու համար Աստուծոյ կանչին, Հայր Սահակ նկատեց որ աղօթելէ, դաստիարակելէ, մխիթարելէ զատ՝ կրօնական գիտութիւնն ալ իր կարեւոր դերը ունէր: Հայ Եկեղեցւոյ երեք երեւելի Սուրբ Հայրերուն երկերը ‎ֆրանսերէնի թարգմանեց՝ Նարեկի «Աղօթամատեանը», Շնորհալիի «Ողբ Եդեսիոյ» եւ «Յիսուս Որդի Հօր Միածին» գործերը, ինչպէս նաեւ Լամբրոնացիի «Մեկնութիւնը Սուրբ Պատարագի»: Այս աշխատանքները, ի շարս ուրիշ բազմաթիւ երկերու, մեծ յաջողութիւն գտան մանաւանդ Ֆրանսախօս ընթերցողներուն մօտ:

Այս անցաւոր կեանքէն չբաժնուած երեք շաբաթ առաջ, Ազգային Մաթենադարանը յաճախեց վերջին անգամուայ համար նորանոր ուսումնասիրութիւններ կատարելու:

Բոլոր դռները բաց էին Հայր Սահակին առջեւ, քանի աշխարհահռչակ մարդ դարձած էր: Մահուան օրը գրասեղանի առջեւ նստած էր, կարծէք հրաժեշտ կ՛առնէր իր սիրասուն գիրքերէն:

Հայր Սահակ Քէշիշեան փոքր տարիքէ մինչեւ խոր ծերութիւն հաւատարիմ մնաց Յիսուսի իր փրկչին, հաւատարիմ մնաց իր Յիսուսեան միաբանութեան՝ հնազանդութեամբ եւ անբասիր կրօնաւորի կեանքով, հաւատարիմ մնալով միշտ իր ազգին եւ ազգի զաւակներուն հանդէպ:

Հայութիւն կը շրչէր, հայութիւն կը խօսէր, հայութիւն կ՛ապրէր եւ հայութիւն կ՛աղօթէր:

Մեզ ձգեց, բայց իր հոգին, իր գործը, իր հարազատները եւ եղբայրակիցները զինք ներկայ կը դարձնեն ամէն ժամանակ:

Կարելի է վերագրել իրեն Սուրբ Գիրքի հետեւեալ խօսքը՝ «մինչեւ յաւիտեանս յիշատակ նորա օրհնութեամբ» (Ա.Մակ.Գ.7):



ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ