Պէյրութ
Այսօր՝ չորեքշաբթի, 7 նոյեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 9.45-ին, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ընդունեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ «Մէկ սիրտ Cor Unum» քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ ծիրանաւոր կարդինալ Րոպէր Սարա, ընկերակցութեամբ նոյն քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար մոնսինիոր Ճովաննի Բիէդրօ Տալթոզոյի, որոնք յատուկ առաքելութեամբ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին կողմէ ուղղարկուած են Լիբանան, օժանդակելու համար Սուրիոյ տառապալից վիճակին զոհերուն եւ սրբազան հօր մօտիկութիւնն ու նիւթական նպաստը ցուցաբերելու անոնց։ Պատուիրակութեան կ՚ընկերանային նաեւ Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ արքեպիսկոպոս Կապրիէլէ Քաչչա եւ առաքելական դեսպանատան քարտուղար մոնսինիոր Փաօլօ Պորճիա։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան։
Նախօրօք, սրբազան քահանայապետը մտադրած էր բազմանդամ պատուիրակութիւն մը ուղղարկել Սուրիա, Վատիկանի սիւնհոդոսական աշխատանքներու ընթացքին, սակայն զանազան խոչընդոտներու պատճառաւ այս ծրագիրը չյաջողեցաւ եւ սրբազան հայրը առաքեց վերոյիշեալ կարդինալ Սարան եւ մոնսինիոր Տալթոզոն, որոնք այցելութիւն պիտի տան նաեւ մարոնիթ պատրիարք կարդինալ Պշարա Րաիին, Լիբանանի մարոնիթ եպիսկոպոսաց ամսական նիստին առիթով։ Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ այսօր նաեւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սլէյմանին։ Իսկ վաղը՝ կարդինալ Սարա եւ իր ընկերակիցը պիտի այցելեն զանազան վայրեր, ուր վերջին ժամանակաշրջանին համախմբուած են Սուրիայէն Լիբանան ապաստանող գաղթականներ։ Ուրբաթ օրը, պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ գործող զանազան բարեսիրական հաստատութիւններու հետ, համադրելու համար մարդասիրական աշխատանքները եւ օգնութեան ծրագիրները, եւ անոնց միջոցաւ փոխանցելու սրբազան քահանայապետին հայրական պատգամն ու մօտիկութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին, եւ յատկապէս Լիբանանի, Իրաքի, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ մէջ ապաստանող մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներուն։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մաղթեց այս հանդիպումին աւարտին, որ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին այս սպասուած միջամտութիւնը իր արդիւնքը բերէ, միացած մեր աղօթքներուն առ Աստուած Սուրիոյ տառապեալ ժողովուրդին համար, որպէսզի մնայուն հաշտութիւն կատարուի հակադրող տարբեր ուժերուն միջեւ եւ խաղաղութիւնը հաստատուի Սուրիոյ մէջ։