Պէյրութ
Երկուշաբթի, 25 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 3:15-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, այցելեցին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին պատրիարքարանի շրջափակին մէջ գտնուող Մեծ Եղեռնի նահատակներու յուշակոթողին շուրջ:
Ներկայ էին շուրջ 160 ՀՄԸՄ-ականներ` ՀՄԸՄ Պէյրութ մասնաճիւղէն, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն անդամներ, Աշրաֆիէի «Ազատամարտ» կոմիտէի անդամներ, շրջանի ԼՕԽ-ականներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ժողովուրդ: