Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2011 - Արհի. Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան պատուիրակութեամբ մը այցելեց Եգիպտոսի հանրապետութեան միւֆթի


Գահիրէ

Հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2011, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան պատուիրակութեամբ մը այցելեց Եգիպտոսի հանրապետութեան միւֆթի տոքթոր Ալի Ճումաա, որուն հետ քննարկեց երկրի վերջին իրադարձութիւնները։
Հանդիպման ընթացքին, հոգեւոր պետերը շեշտեցին Եգիպտոսի ազգային միասնականութեան վրայ, ամրապնդելով իսլամ-քրիստոնեայ սերտ կապերը ի սպաս երկրի կայունութեան ու զարգացման։ Հայ կաթողիկէ պատուիրակութիւնը միւֆթիին շնորհաւորեց Ատհա տօնին առթիւ, մաղթելով խաղաղութիւն ու բարգաւաճում Եգիպտոսի ժողովուրդին։   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ