Հռոմ
Երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2012, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի նահատակներու ոգեկոչում եւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Արարողութեանց ներկայ էին քաղաքական ու կրօնական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ՝ Պրն. Ժորժ էլ Խուրի՝ Լիբանանի դեսպանը Սուրբ Աթոռի մօտ, Պրն. Մալէք Զօհրապ՝ Հայաստանի դեսպանը «ՖԱՕ»-ի մօտ, գերյարգելի Թոնի Ժըպրան՝ ընդհանուր տեսուչը Հռոմի Մարոնիթ վարժարանի, գերյարգելի Սալիմ Րաժժի՝ տեսուչ Մարեմեան Մարոնիթ վարժարանի, հայր Մաժէտ Մարուն՝ տեսուչ Մարոնիթ Անտոնեան միաբանութեան, գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեան՝ տեսուչ Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի, գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ այլ միաբանութիւններու պատկանող վարդապետներ, նորընծաներ, նուիրեալ քոյրեր ու եղբայրներ, աշխարհականներ, եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներու եւ Հռոմի հայ համայնքի գործադիր մարմնի ներկայացուցիչներ:
Յայտագիրը սկիզբ առաւ բացման խօսքով մը, որուն ընդմէջէն շեշտը դրուեցաւ հայոց ներկայութեան կարեւորութեան վրայ, եւ նշուեցաւ որ ամէն հայ կոչուած է առաքեալ մը դառնալու եւ վկայութիւնը տալու չարչարանքներուն ու գողգոթային յաջորդած հայոց փառաւոր յարութեան։
Բացման խօսքէն ետք, Լեւոնեան հայ վարժարանին նորընծաները կատարեցին երեք շարականներ նուիրուած սուրբ Կոյսին, երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին, ինչպէս նաեւ «Տէր Ողորմեայ»՝ հայոց դարաւոր շարականն ու աղօթքը:
Շարականներէն ետք, օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանի փոխ տեսուչ՝ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, որ ներկայացնելէ ետք Օսմանեան կայսրութեան բարբարոսութիւններն ու չարագործութիւնները, ան խօսքը ուղղելով ներկայ ու բացակայ ժողովուրդին ըսաւ. «Ահաւասիկ 97 երկար տարիներ անցան մեր անլուռ ու անդատապարտուած ոճիրէն: 97 տարիներ անցան եւ տակաւին արդարութեան անիւները չգտան իրենց ուղին: Տարիները եւ օրերը շուտ կը սահին, եւ ցաւօք սրտի աշխարհ կը շարունակէ անտարբերութեամբ վարուիլ հայկական ողբերգութեան նկատմամբ... Խորապէս երախտապարտ ենք ու շնորհապարտ այն բոլոր ազգերուն ու պետութիւններուն, որոնք մարդկային ու քրիստոնէական համերաշխութեան ոգիով առլցուն, կը ձայնակցին եւ թիկունք կը կանգնին մեր արդար դատին, մեր արդար պահանջատիրութեան: Սակայն կան երկիրներ, որոնք իրենց նիւթական շահերուն համար, իրենց խղճի ձայնը կը խեղթեն եւ ամէն գնով մոռցնել կը փորձեն մեր պապերուն ցաւերն ու տառապանքները...»: Վարդապետը իր խօսքի ընթացքին չմոռցաւ յիշել հայոց բոլոր գրագէտները, մտաւորականներն ու եկեղեցականները, որոնք իրենց արիւնը թափեցին վասն հայրենեաց եւ վասն սուրբ կրօնքին: Ան նաեւ կոչ ուղղեց ըսելով. «Ժամանակը հասած է միացեալ կեցուածք ցուցաբերելու աշխարհին առջեւ, հայ ազգին դէմ գործուած ցեղասպանութեան 97 ամեակին առթիւ: Անհրաժեշտ է միակամ ու միատեղ ոգեկոչում կատարել, աշխարհին ներկայացնելու համար մեր բոլորին արդար պահանջքը....»: Փոխ տեսուչ վարդապետը շեշտելէ ետք կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը հայկական դատի հետապնդումին ու վերադարձը Հայութեան բոլոր իրաւունքներուն, ան խօսքը փակեց ըսելով. «Անոնք կենդանի են, որովհետեւ անոնց թափած արիւնը անդադար կը բողոքէ վասն արդարութեան անիրաւուած հայ ժողովուրդին...։ Անոնք գացին, բայց իրենց ետին ձգեցին կտակը նահատակներուն, որոնք յորդորեցին, պատուիրեցին...։ Հետեւաբար այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:
Յայտագրին երրորդ բաժինը ընդգրկեց մեներգ ու նուագ՝ նուիրուած այն հայ մտաւորականներուն ու արուեստագէտներուն, որոնք զոհուեցան, ջարդուեցան, նահատակուեցան աշխարհին ու պատմութեան ժառանգ ձգելով իրենց ստեղծագործութիւնները իբրեւ վկայութիւն որ հայը անմահ է, կայ ու կը շարունակէ գործել:
Յիշատակի երեկոն աւարտեցաւ Խաչքարին դիմաց հոգեհանգստեան պաշտօնով բոլոր ապրիլեան արդարներու յիշատակին։ Արարողութեան աւարտին, տեսուչ վարդապետը շնորհակալական խօսք մը ուղղեց բոլոր ներկաներուն իրենց մասնակցութեան համար, որմէ ետք փոքրիկ հիւրասիրութեամբ՝ ներկաները հայոց սեղանին շուրջ բաժնեկից եղան անոր ցաւին ու մխիթարանքին: