Շաբաթ, 21 Ապրիլ 2007 - Լիբանանահայ Սկաուտախումբերու Միացեալ Հանդիպում

Պէյրութ, Լիբանան

Կազմակերպութեամբ «Հայ Սկաուտ» յանձնախումբին, որ կ’ընդգրկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ս. Մեսրոպի, Անդրանիկի, Հ.Մ.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարժումներէն ներկայացուցիչներ, Շաբաթ, 21 Ապրիլ 2007ին՝ երեկոյեան ժամը 7:00ին, Էշրեֆիէի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան նահատակաց յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ մը՝ մասնակցութեամբ աւելի քան 200 երէցներու, պարմանուհիներու եւ խմբապետական կազմի մաս կազմող սկաուտներու:

Ձեռնարկը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր իբրեւ միջմիութենական սկաուտական ձեռնարկ, սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի ու «Ով հայ արի» քայլերգներով եւ 1,5 միլիոն հայ նահատակներու յիշատակը վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգելով: Ապա, բացման խօսքը արտասանեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սկաուտներու խմբապետ Միհրան Այնէճեան, որ անդրադարձաւ ձեռնարկին կարեւորութեան եւ բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը՝ Հայկազեան համալսարանի դասախօս Անդրանիկ Տագէսեանը:

Օրուան բանախօսը ներկայացուց թրքական հակահայ քարոզչութիւնը, ապա անդրադարձաւ եւրոպական «Times»ի «The Armenian Genocide» վաւերական տեսասկաւառակին: Տեսասկաւառակին ներկայացումէն ետք բանախօսը հարցումներ ուղղեց սկաուտներուն եւ նաեւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ յուշանուէրներու փոխանակումով եւ բոլոր ներկաներուն «Թայմզ»ի տեսասկաւառակին բաժանումով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ