Զալքա, Լիբանան
Բարձր հովանաւորութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին, կիրակի, 12 փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զալքայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վարդապետական գաւազանի տուչութիւն «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի:
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ` մասնակցութեամբ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին եւ «սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» սկաուտներուն: Ապա մատուցուեցաւ սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանին յանձնեց վարդապետական Գաւազան:
Հոգեւոր տէրը իր պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ Եկեղեցին միշտ պարտականութիւն ունի տրամադրելու հովիւներ, ուր որ անոնց կարիք կայ` աւելցնելով, որ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան իր քահանայական ձեռնադրութենէն ի վեր զանազան պաշտօններ ստանձնելէ ետք կարգուեցաւ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան հովիւ:
Հոգեւոր տէրը նաեւ ընդգծեց, որ վարդապետութեան գաւազանը կը նշանակէ քարոզել Աստուծոյ խօսքը, պատասխանատու ըլլալ այդ քարոզին: Ան յայտնեց, որ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան իր հոգը, ժամանակը, միտքը ի սպաս դրած է ծառայելու ժողովուրդին` յորդորելով ներկաները, որ զօրավիգ կանգնին նոր ժողովրդապետին:
Պատարագի աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան: Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական ընդունելութիւն: