Երեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2011 - Սրբազան Քահանայապետը 2012-2013 տարեշրջանը հռչակեց Հաւատքի Տարի


Հռոմ

Կիրակի 16 հոկտեմբեր 2011-ին՝ սրբազան քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, մատոյց սուրբ Պատարագ նոր աւետարանութեան համար որուն աւարտին, հռչակեց «Հաւատքի Տարին», որ պիտի սկսի 11 հոկտեմբեր 2012-ին, Վատիկանեան Բ. տիեզերական ժողովի աւետումին 50-րդ տարեդարձին օրը, եւ պիտի եզրափակուի 24 նոյեմբեր 2013-ին` «Քրիստոս տիեզերքի թագաւոր»ի տօնին օրը։
«Հաւատքի Տարին» ըսաւ սրբազան հայրը, առիթ պիտի տայ առաքելական թուղթի հրապարակումին։ Հաւատքը՝ աստուածաբանական երեք առաքինութիւններէն մէկն է։ Նախապէս նորին սրբութիւնը շրջաբերական թուղթեր հրապարակած է. «Սէր եւ Յոյս» աստուածաբանական առաքինութիւններու մասին` «Աստուած սէր է» վերնագրով 2005-ի դեկտեմբերին եւ «Փրկարար յոյսը» նոյեմբեր 2007-ին։
Իր արտասանած քարոզին մէջ, սրբազան պապը, ողջունեց Եկեղեցիէն նախաձեռնուած նոր աւետարանութեան դերակատարները։ Ան ընդգծեց «պատմութեան աստուածաբանութիւնը» որպէս արտայայտութիւնը նոր աւետարանութեան։ Այսօրուան մարդիկը, ըսաւ սրբազան քահանայապետը, 20-րդ դարու մենատիրական իշխանութիւններու դժբախտ փորձառութենէն ետք, կարիքը ունին վերագտնելու համապատկեր նայուածք մը աշխարհին վրայ, նայուածք մը որ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովը հաղորդեց իր հրապարակած վաւերագիրներուն միջոցաւ։
Բացայայտելով օրուան Աւետարանը. «Կայսրին տուէք ինչ որ Կայսրինն է եւ Աստուծոյ` ինչ որ Աստուծոյ է»։ Բենեդիկտոս ԺԶ. քահանայապետը ի յայտ դրաւ Յիսուսի քաղաքական իրապաշտութիւնը եւ հարստութիւնը մարդաբանական խօսքերուն։ Յիսուս ինքզինք քաղաքական դաշտէն ի վեր կը դնէ։ Նոյնպէս` Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը չի բաւականանար սահմանելով կայսրին եւ Աստուծոյ իշխանութւնը։ Այլ պարտական է վերակոչել Աստուծոյ գերիշխանութիւնը, մասնաւորապէս այն քրիստոնեաներուն, որոնք «կորսնցուցին իրենց ինքնութիւնը»։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ