Երկուշաբթի, 26 Մարտ 2012 - Մեսրոպեան վարժարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներու միօրեայ սեմինար


Պուրճ Համուտ

Հայագիտական դասանիւթերու արհեստագիտական արդի միջոցներով մատուցման թափ տալու առաջադրանքով, շաբաթ, 24 մարտ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, տեսչարանի «Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներու միօրեայ սեմինարը, որուն նիւթն էր «Հայագիտական նիւթերու դասաւանդումը եւ արհեստագիտական միջոցները»:
Վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրեալի կատարողութեամբ բացման աղօթքէն ետք, սեմինարի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչները կրթական առաքելութեան կողքին ունին նաեւ ազգային պարտականութիւն, որոնց իրականացման համար պէտք է մնայուն կերպով վերանորոգման ենթարկուին եւ քայլ պահեն դարու իրագործումներուն հետ: Պրն. Գալուստ աւելցուց, որ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ վարժարանի հայագիտական բաժինին ընդառաջ, որպէսզի հայ աշակերտութիւնը նորմիջոցներով սորվի հայերէնը, ճանչնայ հայոց պատմութիւնը եւ պահպանէ հայութեան դարաւոր ժառանգութիւնը:
Ապա խօսք առին օրուան առաջին նիւթի զեկուցաբերներ վերապատուելի Րաֆֆի եւ տիկին Գայիանէ Մսըրլեաններ, որոնք միասնաբար ներկայացուցին «Կրթութիւնը եւ ընկերային ցանցերը» նիւթը: Տիկին Գայիանէ Մսըրլեան ըսաւ, որ կրթութիւնը կեանքի պատրաստութեան ուղին է, որուն ընթացքին աշակերտը կը սորվի մտածել եւ գիտելիքներ ամբարել: Ան աւելցուց, որ կրթութիւնը շարունակական հոլովոյթ ունի, որովհետեւ մարդ արարածը  միշտ ալ կրթութիւն ստանալու վիճակի մէջ է, միշտ ալ սորվելիք բաներ կան, եւ այս գծով փորձառութիւններու փոխանակումը նոյնինքն կրթութեան մաս կը կազմէ:
Իր կարգին, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան շեշտեց, որ աշխարհագրական հեռաւորութիւնները կը ջնջեն ընկերային ցանցերը, որոնցմէ կարելի չէ հեռու մնալ: Ան ըսաւ, որ աշակերտները բոլոր պարագաներուն ընկերային ցանցերը պիտի գործածեն, եւ ուսուցիչներու մերժողական փորձերը միայն կրնան ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ պատ մը յառաջացնել: Վեր. Մսըրլեան յայտնեց, որ ընկերային ցանցները իբրեւ միջոց օգտագործելով ուսուցիչները պէտք է հաղորդակցութեան մէջ մտնեն աշակերտներուն հետ, որպէսզի իրականացնեն կրթական նպատակներ: Աւարտին, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան ներկայացուց շարք մը գործնական առաջարկներ եւ հաստատեց, որ կրթութեան համար ընկերային ցանցերը մեծ մարտահրաւէրներ են:
Միօրեայ սեմինարի բ. զեկուցաբերն էր պրն. Արամ Գարատաղլեան, որ ներկայացուց համակարգիչով եւ համացանցով դասերու պատրաստութեան գործնական գիտելիքներ: Գարատաղլեան յայտնեց, որ համացանցի ճիշդ գործածութիւնը օգտակար եւ արդիւնաբեր արդիւնքի անպայման կը հասցնէ, քանի որ համացանցի էջերուն մէջ գոյութիւն ունին բազմատեսակ գիտելիքներ, նկարներ, տեսաերիզներ, որոնք լաւապէս կը նպաստեն արդիական միջոնցերով հայերէնի դասաւանդման: Ան ցուցադրեց համակարգչային շարք մը ծրագիրներ, որոնցմով կարելի է տեղեկութիւններ հաւաքել: Ներկայացման աւարտին, պրն. Գարատաղլեան խօսեցաւ հայերէն տառատեսակներու խումբերու եւ գործածութեան մասին, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու տրամադրութեան տակ տեղադրեց հայերէն տառատեսակներու, լուսանկարներու եւ այլ ծրագիրներու համակարգչային սկաւառակ մը:  
Սեմինարի երրորդ եւ վերջին զեկուցաբերն էր Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հայագիտական դասանիւթերու համակարգող պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ խօսեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի մէջ արհեստագիտական արդի միջոցներով ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւններուն եւ հեռանկարներուն մասին: Ան հաստատեց, որ հայագիտական դասանիւթերը հետաքրքրական դարձնելու համար հարկ է գործածել համակարգիչը, համացանցը եւ ի հարկին շարք մը ընկերային ցանցեր: Պրն. Տէմիրճեան ըսաւ, որ վարժարանին մէջ մինչեւ տարեշրջանի աւարտը արհեստագիտական եւ համացանցի նոր միջոցներ փորձարկման պիտի ենթարկուին, որպէսզի յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ հայագիտական դասանիւթերու կրթական ծրագիրներուն մէջ յստակ կերպով տեղադրուին նոր եղանակները: Ան հաստատեց, որ արդէն պատրաստութեան մէջ է հայագիտական նիւթերու տեսադարանի պատրաստութեան աշխատանքները, որոնց աւարտին լոյս պիտի տեսնէ տեսաերիզներու ցուցակը:
Ցուցադրելէ ետք շարք մը տեսաերիզներ եւ փաուրփոյնթով ներկայացումներ, պրն. Տէմիրճեան սեմինարի օրակարգին վրայ տեղադրեց շարք մը առաջարկներ եւ քննութեան ենթակայ նիւթեր, որոնց շուրջ քննարկումներ կատարելով որոշուեցաւ`
ա. Կազմակերպել հայատառ գրաշարութեան վարժողական փորձեր եւ վարժարանին մէջ ստեղծել հայատառ գրաշարութեան քաջալերման մթնոլորտ:
բ. Ընկերային ցանցերուն մէջ յառաջացնել վարժարանի աշակերտութեան յատուկ պլոկ մը, ուր ի հարկին նաեւ կը տեղադրուին դասարաններու յատուկ աշխատանքներ, վարժութիւններ, քննարկումներ…
գ. Ապրիլ 21-ին կազմակերպել հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչներու համակարգչային ծրագիրներու գործածութեան միօրեայ դասընթացք մը:
դ. Մինչեւ նոր տարեշրջանի սկիզբը, պատրաստել իւրաքանչիւր դասարանի եւ դասանիւթի համապատասխան արհեստագիտական միջոցներու ծրագիրներ:
Միօրեայ սեմինարի աւարտին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ յոյս յայտնեց, որ վարժարանին մէջ հայագիտական դասանիւթերու շուրջ քաջալերական եւ դրական մթնոլորտը կը շարունակուի ու կ՚արձանագրուին նոր իրագործումներ:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ