Պէյրութ
Լիբանանի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններէն, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններէն` ՀՅԴ-էն, ՌԱԿ-էն եւ ՍԴՀԿ-էն, ՀԲԸՄ-էն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի hայ դատի մարմինէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինէն ներկայացուցիչներ երէկ այցելեցին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցան Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի առաջին խորհրդական Տիտիէ Շապերի եւ դեսպանի երկրորդ խորհրդական Սելին Փլասի հետ:
Հայկական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեան, Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման համար լիբանանահայութեան գոհունակութիւնը փոխանցեց` յոյս յայտնելով, որ Ֆրանսայի ծերակոյտը եւս 23 յունուարին նախատեսուած իր նիստին ընթացքին հետեւի խորհրդարանի օրինակին:
Հայկական պատուիրակութիւնը այս հարցով ֆրանսացի դիւանագէտներուն յանձնեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնին ուղղուած յուշագիր մը, որ կը նշէր, թէ «ժխտողականութեան դէմ պայքարը արդար պայքար մըն է եւ քաղաքական կամ ընտրական հաշիւներու հարց մը չէ»: Յուշագիրը կ՛ընդգծէր, որ նշեալ օրինագիծին որդեգրումով «արդարութիւնը յաղթանակեց»` աւելցնելով, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նկատի ունենայ, որ տնտեսական շանթաժներն ու քաղաքական սպառնալիքները չեն կրնար հայկական հոսած արեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան սկզբունքներուն դիմաց ծանր կշռել: