Լիբանան
Հայ կաթողիկէ վարժարաններէն ներս որպէս գեղեցիկ աւանդութիւն, նախակրթարանի Գ. դասարանի աշակերտները շաբաթներու վրայ սերտելէ ետք քրիստոնէական սկզբունքները, ամենայն հաւատքով հաղորդուեցան սուրբ Հաղորդութեամբ:
Արդարեւ, 10 Մայիս 2009ին, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագի ընթացքին, Առաջին եւ ամենասուրբ Հաղորդութիւն ստացան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Գ. Հարպոյեան վարժարանի Գ. դասարանի 29 աշակերտ-աշակերտուհիներ, սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:
Օրուան խորհուրդը փոխանցելու համար պատգամեց Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս եպիսկոպոս Թէյրուզեան:
Գերապայծառ Թէյրուզեան մանկավարժական մօտեցում ցուցաբերելով աշակերտներուն, անմիջական հաղորդակցական կապ մը ստեղծեց խորանի եւ աշակերտութեան հետ, զանազան հարցադրումներ կատարելէ ետք հասաւ օրուան խորհուրդին, թէ ինչու համար անոնք կը հաղորդուէին: Գերապայծառը աշակերտներուն սիրտերը նմանցուց այն տապանակին, որուն մէջ միայն սրբութիւններ կը դրուէին եւ այն օրը, իրենց Ա. Հաղորդութեամբ, անոնք Յիսուսը պիտի դնէին իրենց սրտերուն մէջ, պիտի ճանչնային մօտէն եւ պիտի հաւատային, թէ անոր ներկայութեամբ, անոնք զերծ պիտի մնային սատանայական փորձութիւններէ: Աշակերտները իրենց Սուրբ Գրային ընթերցումներով, մասնակցութիւն բերին օրուայ պատգամին:
Գերապայծառը անդրադարձաւ նաեւ «Խոստովանանք»ի խորհուրդին ու կարեւորութեան մասին եւ թելադրեց, որ միշտ հաղորդուին եւ ոչ թէ տարին անգամ մը միայն: Ապա ան իր պատգամը ուղելով ծնողներուն յայտնեց, թէ անոնք պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնեն պահպանելու տնային սրբութիւնները, որոնցմէ գլխաւորագոյնը կը կայանար զաւակներու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը:
Հուսկ, շնորհաւորութիւններ ընդունեցան եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, վարժարանի Տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ ծնողները, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: