Ուրբաթ, 15 Մայիս 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւրո Տիրոջ նամակը արհիապատիւ Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի

 

Պէյրութ

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոոջ շնորհաւորագիրը արհիապատիւ Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի ի պատիւ կատարուելիք յոբելինական հանդէսին:  

«Սիրեցեալ եղբայր Մեր ի Քրիստոս

Անհուն ուրախութիւն պատճառեց Մեզի  «ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՔ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ - 2015» գեղատիպ հատորը զոր ստացանք եւ սկսանք հետաքրքրութեամբ աչքէ անցընել։ Մեր ուրախութեան պատճառը կրկնակի էր։ Առաջինը՝ այն իրողութիւնն է որ այս հատորը, որ կը հանդիսանայ  1998-ին սկսուած՝ ընդհանրապէս Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասին պատմական փաստագրութիւններ ամփոփող շարքին վեցերորդը, վկայութիւնն է Ձեր մտքի պայծառութեան, առողջ դատողութեան եւ ժրաջանութեան եւ այս բոլորը՝ հակառակ Ձեր յառաջացած տարիքի անդրադարձներուն ձեր ֆիզիքականին վրայ։  Ծանօթ ըլլալով Ձեր հոգեւորականութեան եւ ջերմեռանդութեան, վստահ ենք որ Ամենակալ Տէրը անարձագանգ չէ ձգած եւ չի ձգեր Ձեր աղօթքը։
Մեր ուրախութեան երկրորդ պատճառը՝ Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան հայող դէպքերն ու դէմքերը մոռացութենէն փրկելու Ձեր նախանձախնդրութիւնն է, որուն փաստը Ձեր հրատարակած հատորներն են։
Անկախ Մեզի ուրախութիւն պատճառող այս իրողութիւններէն,  վստահ ենք նաեւ որ Ձեր այս աշխատանքը կարեւոր ներդրում մըն է պոլսահայութեան պատմագրութեան համար եւ արժէքաւոր յղում մը պատմագիրներուն համար։
Մեր ուրախութեան, շնորհակալութեան, շնորհաւորութիւններուն կը միացնենք, սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս, Մեր աղօթքը առ Աստուած եւ կը հայցենք սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին ու երանելի Մալոյեանին բարեխօսութիւնը,  որպէսզի Ձեզի շնորհէ Ձեր հոգեւոր, մտաւոր եւ պատմագրական  վաստակը առաւել եւս հարստացնելու հնարաւորութիւնը՝ արեւշատութեամբ։

Եղբայրական սիրով ի Քրիստոս՝
+ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  


13 Մայիս 2015


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ