Ուրբաթ, 6 Յուլիս 2012 - Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի քահանայապետական շքանշանով պարգեւատրում


Պէյրութ

Բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, հինգշաբթի, 5 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծն Սուրբ Գրիգորի ասպետի Քահանայապետական շքանշանի տուչութիւնը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան Անի Գալուստ եւ Ռաֆայէլ Ումուտեան: Հանդիսութեան ներկայ էին լիբանանահայ հոգեւոր պետեր, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան, «Քարիթաս»-ի նախագահ հայր Սիմոն Ֆատտուլ, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, ընտանեկան պարագաներ եւ մեծաթիւ ժողովրդային բազմութիւն:

Տուչութեան արարողութեան պաշտօնական բացումը կատարեց տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ պարգեւատրեալները անշահախնդիր կերպով ծառայեցին Եկեղեցւոյ եւ ազգին: Ան յոյս յատնեց, որ նորերը եւս հետեւին Անի Գալուստի եւ Ռաֆայէլ Ումուտեանի ուղիին:

Ապա տեղի ունեցաւ հոգեւոր արարողակարգ, որմէ ետք խօսք առաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, որ յայտնեց, թէ պարգեւատրեալներու վաստակն ու անձնուէր գործունէութիւնը արդիւնքն է պարգեւատրեալներու համոզումին` շնորհիւ ենթականերու հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան: Հոգեւոր տէրը աւելցուց, որ Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի քահանայապետական շքանշանի տուչութիւնը պարգեւատրեալներուն ցուցաբերած յարատեւ եւ անշահախնդիր զոհողութիւններու արտայայտութիւնն է:

Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի կոնդակի ընթերցումին յաջորդեց շքանշաններու տուչութիւնը:

Այս առիթով, խօսք առաւ Անի Գալուստ, որ նշեց, թէ առանց նուիրագործութեան կեանքը կը դառնայ իմաստազուրկ եւ առանց նպատակի ու սկզբունքներու մարդը կը դատարկուի իր էութենէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ, իր կողակիցին եւ բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին իր աշխատանքին, զօրակցեցան եւ մասնակից դարձան մարդկութեան ծառայող ծրագիրներուն:

Պարգեւատրեալը ըսաւ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչի ուղիին հետեւելով պիտի շարունակէ խաւարին դէմ լուսաւորման առաջնորդող ճանապարհը: Անի Գալուստ յայտնեց, որ այս շքանշանը ինքնաարժեւորման եւ ինքնաքննարկման առիթ է, քանի որ ինք տակաւին շատ պարտականութիւններ ունի կատարելիք:

Երանելի Յովհաննէս-Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետի պատգամէն մէջբերում կատարելով` Ռաֆայէլ Ումուտեան յոյս յայտնեց, որ գործակցաբար, յարգանքով, գաղափարներու փոխանակումով եւ կազմակերպուածութեամբ կարելի կ՛ըլլայ յաղթահարել դժուար մարտահրաւէրները եւ արձանագրել ձեռքբերումներ ու յաջողութիւններ:

Ումուտեան ըսաւ, որ շքանշանը պէտք է ըլլայ իր անձին ընդմէջէն  վարձատրութիւն մը իր բոլոր աշխատակիցներուն, երիտասարդական  օրերէն մինչեւ այսօր, կենդանի կամ հանգուցեալ եւ բոլոր հաստատութիւններու գործընկերներուն, որոնք սատար կանգնեցան եւ օժանդակեցին: Իր կարգին, Ումուտեան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր տիրոջ, իր ընտանիքին եւ շրջապատին:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը փակուեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ: Պաշտօնական արարողութենէն ետք, պարգեւատրեալները եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորութիւնները:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ