Պէյրութ, Լիբանան
Աւագ Հինգշաբթի՝ 19 Մարտ 2008ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ կատարուեացւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն որ կատարեց Արհի. Վարդան Եպս. Աշգարեան:
Իսկ երեկոյեան ժամը 9:00ին, Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, յատուկ ոճով նշուեցաւ Յիսուսի չարչարանքները: Երեկոն ունէր երիտասարդական բնոյթ: Վարդան Ազնաւուրեան ընթերցեց Յովհաննէսի Աւետարանէն Յիսուսի չարչարանքներուն եւ մահուան աւետարանները եւ իւրաքանչիւր ընթերցման աւարտին վառեց աւետարանը խորհրդանշող մոմ մը: Շարականներով եւ օրուայ յատուկ երգերով անոր ընկերակցեցան Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան Գազանճեան եւ Մարի Նոէլ Քիշիշեան, ինչպէս նաեւ օրկի վրայ Ալեք Թերճանեան: Հայր Վարդան այս իւրայատուկ ոճով փափաքեցաւ այս տարի երիտասարդները աւելի մօտէն մասնակից դարձնել Յիսուսի չարչարանքներուն: Յիսուս չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ վասն մարդկութեան որպէազի անոնց մեղքերը իր վրայ առնելով թողում շնորհէ անոնց: Խորհրդաւոր տեսարան մը կը պարզէր երիտասարդներուն ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը սոյն հոգեպարար արարողութեան, որ զիրենք աւելի մօտեցուց Յիսուսի եւ որոնք աւելի մօտէն ապրեցան Յիսուսի չարչարանքները: