Շաբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2010 - Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Միջին Արեւելքի սիւնհոդոսին

 

Վատիկան

 

Բերիոյ թեմի հայ առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ գերշ. Շահան եպս. Սարգիսեան ներկայացուց Արամ Ա. կաթողիկոսը Միջին Արեւելքի համար յատուկ սիւնհոդոսին Վատիկանի մէջ։ Ան իր միջամտութեան մէջ խօսեցաւ Արամ Ա. վեհափառի տեսութեան մասին, ինչ կը վերաբերի քրիստոնեաներու դժուար գոյավիճակը Միջին Արեւելքի մէջ։ Այս գծով առաջնորդ հայրը սիւնհոդոսին ուշադրութեան յանձնեց որոշ հիմնակէտեր՝ Եկեղեցիներու համամիութեան հրամայականը ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի համար, երկխօսութեան եւ համակեցութեան հիմնախնդիրը իսլամ շրջապատին հետ, քրիստոնէական արժէքներու վերաւետարանացում եւ քարոզչութիւն ու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, վերաշխուժացնելով Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդը։

 

Ան աւելցուց, թէ Արամ Ա. վեհափառը այս սիւնհոդոսը կը նկատէ Միջին Արեւելքի բոլոր Եկեղեցիներուն սիւնհոդոսը, որովհետեւ նոյն խնդիրները եւ մարտահրաւէրները կը դիմագրաւեն. եւ այս իմաստով ան աւելցուց, թէ պէտք է կեդրոնացնել բոլոր ճիգերը քրիստոնեայ ներկայութեան եւ առաքելութեան ամրապնդման համար տարածաշրջանէն ներս։ 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ