Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2008 - Դիւան թիւ 132/08-Շնորհաւորագիր Եդուարդ Նալպանտեանին

 

Պէյրութ, 18 Ապրիլ 2008

Դիւան թիւ 132/08
Մեծայարգ Դոկտ. Եդուարդ Նալպանտեան
Նորանշանակ Արտգործ նախարար
Հայաստանի Հանրապետութեան

Ջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար ձեր նշանակումին առիթով: Աւելի քան երբեք այս օրերուն կարեւոր է հայկական դիւանագիտութեան դերը՝ պահպանելու ու զօրացնելու համար Հայաստանի վարկն ու համբաւը միջազգային շրջանակներէն ներս, եւ արդարացնելու Հայաստանին հանդէպ միջազգային կառոյցներուն վստահութիւնն ու համարումը: 
Վստահ ենք որ շնորհիւ դիւանագիտական կեանքէն ներս ձեր ունեցած փորձառութեան ու վաստակին, նաեւ ձեր բոլորանուէր աշխատանքին  լաւապէս պիտի առաջնորդէք հայկական դիւանագիտութիւնը եւ նոր որակ ու ծաւալ պիտի տաք անոր՝ յաջողութեամբ դիմագրաւելու համար այն բոլոր մարտահրաւէրները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը: 
Սիրելի Տիար Նալպանտեան, կ’աղօթենք որպէսզի Աստուած զօրացնէ ձեզ, իր հովանին անպակաս ընէ ձեր վրայէն եւ յաջողութեամբ պսակէ ձեր հայանպաստ ու հայրենանուէր գործունէութիւնը:

 Հայրապետական օրհնութեամբ՝
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
   Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
      

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ