Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուշարձանի բացում
Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանին մէջ
Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր,
Գերյարգելի եւ Գերապատիւ վարդապետներ,
Պատուարժան Տնօրէնութիւն Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի,
Յարգարժան Ուսուցչական կազմ,
Յարգոյ բարեկամներ եւ ծնողներ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի,
եւ յատուկ կերպով՝
Մեր խօսքը ձեզի կ'ուղղենք շատ սիրելի աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, պատմականօրէն նշանակալից օրեր կ'ապրի աշխարհասփիւռ մեր հայ ժողովուրդը։
100 ամեակի նշումը մեր ազգային հոգիին եւ գիտակցութեան նոր թափ ու որակ տուող հանգրուանի մը կը վերածուի թէ՛ Սփիւռքին եւ թէ՛ Մայր Հայաստանի մէջ։
Սովորաբար, աշխարհի տարածքին, Հայոց դէմ կատարուած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ոգեկոչումները տեղի կ'ունենան Մեծ Եղեռնի նահատակաց նուիրուած յուշակոթողներուն շուրջ: Այս ոգեկոչումները մեր ժողովուրդին պատկանելիութեան յանձնառութիւնը վերահաստատելու առիթներ են: Իսկ կոթողները՝ լուռ յուշարարներն են Ցեղասպանութեան արհաւիրքին։
Կրնանք ըսել նաեւ թէ քառակերտ յուշակոթողները մեր նահատակներուն խօսափողներն են, որոնք համաշխարհային Արդարադատութեան Ատեաններէն կը պահանջեն որ, յանցաւոր դիրքորոշումով լռութիւն այլեւս չպահեն 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան անժխտելի եւ տմարդի ոճիրին դիմաց՝ յանուն արդարութեան, ինչպէս նաեւ կանխարգիլելու համար նոր ցեղասպանութիւններ ուրիշ անմեղ ժողովուրդներուն։
Այսպիսի խորհրդածութիւններով է, որ այսօր բացումը կը կատարենք Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրայ կանգնած Ապրիլեան Նահատակաց Յուշարձանին Մանրատիպին։
Արդարեւ, Ծիծեռնակաբերդի համալիրը աշխարհի մեծագոյն յուշակոթողն է նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան։ Հոն է, որ նոյնինքն Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը, մօտօրէն հռչակուած Սուրբ, 2001-ին Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700 ամեակին Հայաստանի իր այցելութեան առիթով, Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն եւ հայ ժողովուրդին դիտաւորութեան համար յուզումնալից աղօթք մը բարձրացուց առ Աստուած՝ ի դիմաց Հայաստանի վսեմաշուք նախագահին, բարձրաստիճան բազմաթիւ անձնաւորութիւններու եւ խուռներամ հայ ժողովուրդին:
Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողը անլռելի յուշարարն է նաեւ այն պարտաւորութեան, որ դրուած է Հայաստանի մեր անկախ պետութեան առջեւ, որպէսզի ան Ազգին պահանջատիրական երթը առաջնորդէ եւ անոր ձգտումները միջազգաին պետութիւններու ամպիոններէն հնչեցնէ։
Այս զգացումներով համակուած է որ, ճարտարապետներ՝ Թարխանեանը եւ Քալաշեանը 1965էն 1967ին նախագծած են եւ կառուցած Ցեղասպանութեան յիսնամեակին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի պատմական Յուշակոթողը: Միեւնոյն զգացումով ոգեւորուած, պէյրութահայ Տիար Սահակ Այրանեան, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին, ուզած է կանգնեցնել Ծիծեռնակաբերդի Յուշարձանին Մանրատիպը, Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի բակի մէջ, որուն համար մեր խորին գնահատութիւնը կը յայտնենք:
Կը գնահատենք նմանապէս Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանին Տնօրէնութիւնը այս հայրենասէր նախաձեռնութեան համար, խնդրելով Ամենակալ Աստուծմէ որ պահէ ու պահպանէ յառաջադէմ կրթական այս հայկական օճախը եւ անոր աշակերտներն ու աշակերտուհիները: Այս առիթով, կ'ուզենք վեր առնել Մեր Հայ Կաթողիկէ վարժարաններուն առաքելութիւնը Լիբանանին մէջ իրենց ջամբած հայեցի կրթութեան ինչպէս նաեւ Նոր Աւետարանումի տարած քրիստոնէական դաստիարակութեան համար:
Առիթ է հոս յիշեցնել թէ Մեր երջանկայիշատակ նախորդը՝ վսեմաշուք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, Ցեղասպանութեան 25-րդ տարելիցին առիթով, գիտակցած է Յուշակոթողի մը արժէքին ու անոր դաստիարակչական առաքելութեան, եւ Յուշարձան մը կառուցանել տուած է 1939-ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի մուտքին, հանդիսանալով Ցեղասպանութեան կանգնած առաջին Յուշակոթողը Լիբանանին մէջ: Մենք, յառաջիկայ երկուշաբթի 21 ապրիլին, երեկոյեան ժամուն, աղօթք պիտի բարձրացնենք առ Աստուած ու յարգանք պիտի մատուցանենք մեր բիւրաւոր նահատակներուն այդ 75-ամեայ քառակերտին առջեւ:
Մեր հայրական աղօթքներով առընթեր կ'օրհնենք Ապրիլեան Նահատակաց Յուշարձանի Մանրատիպին արուեստագէտն ու անոր ընտանիքը: Թո՛ղ ան արժանանայ մեր աշակերտութեան եւ անոնց ծնողներուն արդար գնահատանքին:
Կ'օրհնենք ձեզ բոլորդ, որ հոս եկած էք մասնակցելու համար եւ ոգեկոչուելու այս աննախընթաց Մանրատիպին բացումի հանդէսին:
Մեր աղօթքն ու փափաքն է, որ իւրաքանչիւր ուսանող եւ ուսանողուհի, ուր որ ալ գտնուին, իրենց մտքին ու սրտին մէջ վառ պահեն Ծիծեռնակաբերդի մշտավառ բոցը՝ իբրեւ յուշարար իրենց ազգային պատկանելիութեան, իրենց ազգային գիտակցութեան եւ իրենց ազգային յանձնառութեան։
Աստուածատուր Խաղաղութիւնը խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսին ձեզի հետ ըլլայ միշտ: Օրհնեալ Աւագ Շաբաթ մը կը մաղթենք բոլորիդ:
† Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց