Պէյրութ
Ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին մինչեւ այսօր անտիպ խօսքը, արտասանուած անոր գահակալութեան 15 ամեակին նուիրուած երեկոյին, որ կազմակերպած էր Հայ Կաթողիկէ դպրոցներու տնօրէններու խորհուրդը 28 նոյեմբեր 2014-ին:
«Աստուծոյ ձեռքը գլխուս վրայ եղաւ ինը տարեկանէն սկսեալ: Երբ օր մը մատուրն էի, զգացի անոր ներկայութիւնը իմ կեանքիս մէջ: (Դպրոցին մէջ) Շաբաթը մի քանի անգամ, կ'առնէին աշակերտները եւ մատուր կը տանէին: Կը տեսնէի քահանան ինչպէս կը պատարագէ: Յանկարծ մտածեցի. «Օր մը ես ալ կը փափաքիմ այս քահանային պէս Պատարագ մատուցանել»: Այն օրէն ի վեր Աստուած իր ձեռքը գլխուս վրայէն չվերցուց բնաւ եւ գահակալութեան իմ առաջին խօսքիս ընթացքին ըսի սա խօսքը. «Ես Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջին ծառան եմ» եւ այսպէս մնացի:
Կաթողիկոս ըլլալէն ետք, դժուարութիւններու հանդիպեցայ, բայց ունէի յարկաբաժինիս մէջ անկիւն մը, որ միշտ ինծի կը սպասէր՝ մատուրը, ուր սուրբ Հաղորդութիւնը կար միշտ: Այնտեղն է, որ կը խօսակցէի Աստուծոյ հետ, մխիթարութիւն կը ստանայի. ուր կը կրկնապատկուէր իմ մէջս յոյսը յառաջ երթալու: Աստուծոյ փառք: Ինչ որ լաւ բան մը կրնաք տեսնել իմ մէջս, տակը ստորագրեցէ՛ք Աստուած: Ինչ որ սխալներ կը տեսնէք իմ մէջս, տակը ստորագրեցէ՛ք Ներսէս Պետրոս: Շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել բոլորիդ, մանաւանդ մեր Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին, գլխաւորութեամբ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանին եւ տնօրէներուն. նոյնիսկ բացակաները կը յիշենք:
Շնորհակալութիւն նաեւ աշակերտութեան, որոնց կ'ուզեմ սրտի խօսք մը ըսել: Դուք պէտք է որ ճանչցուիք լիբանանեան միջավայրին մէջ որպէս հայ: Հայ կը նշանակէ յուսահատութիւն չգիտցող, կը նշանակէ հաւատարմութիւն, կը նշանակէ յղացում:
Սիրելիներ, ես ձեզմով հպարտ եմ: Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ձեզմով հպարտ է: Լիբանանի հայ գաղութը ձեզմով հպարտ է: Եւ դեր աւելի պիտի հպարտանայ երբ դուք ասպարէզ իջնաք եւ կարենաք աշխատիլ, կարենաք յղանալ, կարենաք տարածուիլ, կարենաք օգտակար ըլլալ եւ զարգացնել թէ՛ հայ գաղութը թէ՛ լիբանանեան միջավայրը: Պատիւ ձեզի:
Շնորհակալ եմ ձեզի եւ կեցցէ՛ հայ աշակերտը եւ կեցցեն՛ հայ դպրոցները եւ հայ տնօրէնները»:
http://armeniancatholic.org/inside.php?lang=am&page_id=14&newsID=2529