Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2014 - Շնորհաւորական ուղերձ ՀՀ Սփիւռքի նախարարէն


ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ՏԷՐ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.

Ամենապատի´ւ եւ Գերերջանի´կ Տէր,
Երկիւղածութեամբ, որդիական սիրով ու քրիստոնէական հաւատքով  իմ ջերմ ողջոյններն ու սրտաբուխ շնորհաւորանքները կը յղեմ Ձեզ` Սուրբ Յարութեան հրաշափառ տօնի` Յիսուս Քրիստոսի տարած յաղթանակի առիթով:
Քրիստոնէութեան այս խորախորհուրդ եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ նախադէպը չունեցող Աստուծոյ Միածին Որդւոյն Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը բոլորիս կը բերէ նորոգ հոգեկան վերազարթօնք ու մեզ` եկեղեցւոյ զաւակներուս, վերակենսաւորելով կը գօտեպնդէ մեր ճշմարիտ հաւատքին մէջ:
Ամենապատի´ւ Տէր, ինչպէս որ Երուսաղէմի տաճարի մաքրագործումը հրատապ էր այն օրերուն, այսօր ալ արդիական է մեր ժամանակներուն: Կեանքի գոյակերպը համարելով սոյն իմաստալից խորհուրդը` մարդկութիւնը կ'ապրի խաղաղ եւ սիրով: Թող Աստուած իր Որդւոյն լուսաւոր Յարութեան խորհուրդով, ի խնդիր հաւատքի մաքրութեան` նորոգէ համայն աշխարհը եւ այն լեցնէ առատապարգեւ խաղաղութեամբ եւ համերաշխութեամբ: Թող Յիսուսի անցած ուղին` դէպի երկինք տանող ճանապարհը, աշխարհի վրայ դառնայ ընդօրինակելի, իսկ մահուան գործիքէն նոր կեանքի խորհրդանիշի վերածուած Խաչը` հաւատարմութեան, յաղթանակի ու յոյսի ապաւէնը: 
Այսօր անսասան ու անվրէպ հաւատի շնորհիւ Սուրիոյ մէջ հայութիւնը պիտի կարենայ իրեն դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարել, թունելի վերջաւորութեան տեսնել լոյսի կայծը, փորձութիւններով լեցուն դժուարին պայմաններու մէջ չկորսնցնել բարին գտնելու ակնկալութիւնը, ծովի խորունկ յատակին փնտրել փրկուելու յոյսը, մշուշի, մառախուղի ու մէգի անորոշութեան ցոյց տալ բացայայտ արհամարհանք եւ սրտի թրթիռով ու հոգիի բերկրանքով փափաքիլ Լոյսի ճաճանչափայլ երանաւէտ դրախտի այգիին մէջ իր ծառուղին աւելցնելու երազ:      
Ձեր հայրական եւ խնկեալ օրհնութեա´մբ փառաբանենք Յիսուս Քրիստոսի յաղթանակն ու ցնծանք:
Սուրբ Յարութեան տօնի առիթով հոգեկան անխառն ցնծութեամբ եւ որդիական սիրով կ’ողջունենք Ձեզ եւ կը շնորհաւորենք` ըսելով.
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի:

ԽՈՐԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ`
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

18 ապրիլ 2014


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ