Դիւան թիւ 85/14
Յիսուսի Քրիստոսի Ծառայ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Ողորմութեամբ Աստուծոյ
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Մեր պատուական եղբայրներուն՝ Արհի. Արհի. Արքեպիսկոպոսներուն, Եպիսկոպոսներուն, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներուն, Արժանապատիւ Քահանաներուն, Յարգոյապատիւ Սարկաւագներուն, Առաքինազարդ Քոյրերուն եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդին։
ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՒԱՆԴ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, հիմնուելով Սուրբ Աթոռին 2007-ին հրատարակած «Մայր Սրբոց» Ուղեցոյցին վրայ, կը շարունակէ Մարտինի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի Երանացումով սկիզբ առած դատական գործընթացը՝ պաշտօնապէս բացուած հռչակելով դժոխային Ցեղասպանութեան հետեւանքով նահատակուած հոյլ մը կղերականներու, կրօնաւորուհիներու եւ աշխարհական դասի Երանացման Դատը։
Վստահ ենք թէ սոյն երանացումը ո՛չ միայն պիտի ամրապնդէ քրիստոնէական հաւատքը հայ ժողովուրդին մէջ, այլ նաեւ մեծապէս պիտի նպաստէ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին, մասնաւորաբար մինչեւ օրս լուռ մնացած պետութիւններուն եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ:
Այս ճանաչումը պիտի արժեւորէ միաժամանակ մարդկային Արդարութիւնը, դատապարտելով Ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ գործադրած Օսմանեան պետութիւնը, վերահաստատելով հայ ժողովուրդին արդար հատուցման իրաւունքը եւ կանխարգիլելով ցեղասպանական արարքներու կրկնութիւնը։
Առ այդ, կը խնդրենք Արհի. Արհի. Արքեպիսկոպոսներէն, Եպիսկոպոսներէն, կղերէն եւ մեր աղօթասէր հաւատացեալներէն, որ ընդառաջեն մեր կոչին իրենց աստուածահաճոյ աղօթքներով եւ վկայութիւններով, որպէսզի անհերքելի պատմական փաստարկութիւններով օժտուած մեր խնդրանք-դիմումը արժանանայ Տիեզերական Եկեղեցւոյ հաւանութեան ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան Ատեաններու եւ Պետութիւններու զօրակցութեան։
Թող Զմմառու ցաւագին Տիրամայրը եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը օրհնեն Հայ Ազգին ճանապարհորդութիւնը դէպի խաղաղութեան, արդարութեան եւ բարօր կեանքի անդաստանները։
† Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն որ ի Զմմառ
Յաւուր տասներեքերորդի ամսեանն Ապրիլի յամի Տեառն 2014-ի
Ի հնգետասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ
Ի տօնի Ծաղկազարդի