Պէյրութ
Ուրբաթ, 14 Յունիս 2013-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 75-ամեակի գործադիր մարմինը, որ հանդիպումին ներկայացուց 75-ամեակի ծրագիրին նախագիծը եւ առաջադրանքները, հայցելով Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութիւնը։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան գործադիր մամինին անդամները` հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան (նախագահ), պրն. Կրէկուար Գալուստ (Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն), հայր Վարդան վրդ.Գազանճեան, պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեան, պրն. Գրիգոր Թերզեան, պրն. Աւետիս Կիտանեան, տոքթ. Կոստան Եափուճեան, տիկին Ռոզին Էլէյճեան, տիկին Հիլտա Հալլաճեան, տիկին Սեդա Սիմիտեան, օրդ. Իզապէլ Լեւոնեան, պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, պրն. Շանթ Չիւրիւքեան եւ պրն. Աւօ Գարաքէշիշեան:
Գործադիր մարմինը արդէն երեք ամիսէ ի վեր սկսած է ամսական հերթականութեամբ գումարելու իր ժողովները` սերտելով ծրագիրներու իրագործման կարելիութիւնները:
Մեսրոպեան վարժարանի յոբելենական այս շարժառիթը կը հետապնդէ 75-ամեակէն դէպի 100-ամեակ ապահով երթի հիմքերուն հաստատման ծառացող գլխաւոր եւ էական նպատակը: Վարժարանին 75-ամեակը պաշտօնապէս պիտի սկսի Հոկտեմբեր 2013-ին եւ իր աւարտին պիտի հասնի Դեկտեմբեր 2014-ին: