Երկուշաբթի, 22 Օգոստոս 2011 - Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ եզրափակիչ պատարագի արարողութիւնը Մատրիտի մէջ


Մատրիտ


Կիրակի 21 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Գուաթրօ Վէնթոս Օդակայանի տարածքի վրայ տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան 2011-ի համաշխարհային օրուայ եզրափակիչ պատարագի արարողութիւնը։ Այս նոյն տարածքի վրայ, շաբաթ 19 օգոստոսի երեկոյեան տեղի ունեցած էր հսկումի աղօթքը ու երիտասարդներու մեծամասնութիւնը հոն գիշերած էր։
Երիտասարդութեան 26-րդ համաշխարհային օրուայ եզրափակիչ պատարագի արարողութեան ընթացքին, նախ խօսք առաւ Կարտինալ Րուքօ Վարելա, որ իր ողջերթի եւ գոհունակութեան խօսքը ուղղեց բոլորին, ապա զանազան լեզուներով սուրբ գիրքէն ընթերցումներ կատարուեցան, որոնց աւարտին սրբազան քահանայապետը հետեւեալ քարոզը արատասանեց։
«Սիրեցեալ երիտասարդներ, այս սուրբ Պատարագը գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Երիտասարդութեան համաշխարհային 26-րդ օրուան։ Իմ սիրտս կը ցնծայ  ի տես ձեր ներկայութեան, վստահ ըլլալով որ Յիսուս մեր մէջն է ու մեզ կը դիտէ։ Այո Յիսուս ձեզ կը սիրէ եւ ձեզ կը կոչէ ''իմ բարեկամներս''։ Ան ձեզ կը դիմաւորէ եւ կ'ուզէ ձեզի հետ ուղեկցիլ կեանքի ճանապարհին վրայ, որպէսզի ձեզի դուռը բանայ կատարեալ կեանքին ու մասնակից դարձնէ Հօր Աստուծոյ կեանքին։
Մենք գիտակից ենք, իր սիրոյն մեծութեան, կը բաղձանք համապատասխանել այս սիրոյն ու բաժնել այս նախասիրութիւնը ուրիշներուն հետ։ Վստահ եմ, որ շատերը կը փափաքին մօտէն տեսնել ու ճանչնալ Յիսուսը. Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք թէ երկու տարբեր եղանակներ կան Յիսուսը ճանչնալու։ Յիսուս կը հարցնէ թէ մարդիկը ի՞նչ կը մտածեն Մարդու Որդիին մասին։ Աշակերտները կը պատասխանեն. ''ոմանք կ'ըսեն Յովհաննէս Մկրտիչն է, ուրիշներ` Եղիան, ուրիշներ` Երտեմիան կամ մէկը մարգարէներէն''։ Մէկ խօսքով անոնց համար Յիսուսը կրօնական անձնաւորութիւն մըն է։ Ապա Յիսուս ուղղակի հարցում կ'ուղղէ իր աշակերտներուն. ''իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ''։ Պետրոս պատասխանեց. ''Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին''։ Հաւատքը կը գերազանցէ եղելութիւնները եւ կարող է խորութեամբ ըմբռնել Յիսուսի անձին խորհուրդը։ Սակայն յարեց Սրբազան Քահանայապետը, անիկա պտուղը չէ մարդկային ճիգին, տրամաբանութեան, այլ աստուածային շնորհք մըն է. ''Երանի քեզի, Սիմոն, որդի Յովնանի, որովհետեւ մարմինն ու արիւնը չտուին քեզի այս յայտնութիւնը, այլ` Հայրս որ երկինքն է''։
Սիրեցեալ երիտասարդներ, այսօր եւս Յիսուս ձեզի կ'ուղղէ նոյն հարցումը. ''իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ''։ Յիսուսին պատասխանեցէք վեհանձնութեամբ ու յանդգնութեամբ։ Անոր ըսէք. ''Յիսուս, ես գիտեմ որ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քու կեանքդ տուիր ինծի համար։ Կ'ուզեմ քեզի հետեւիլ հաւատարմութեամբ եւ զիս առաջնորդէ։ Դուն զիս կը ճանչնաս ու կը սիրես։ Ես քեզի կը վստահիմ ու իմ կեանքս քու ձեռքերուդ մէջ կը դնեմ։ Կ'ուզեմ որ ըլլաս իմ ոյժս եւ ուրախութիւնս։
Սիրեցեալ երիտասարդներ, բոլոր սրտովս ձեզի համար կ'աղօթեմ։ Ձեզ կը յանձնարարմ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին որպէսզի միշտ ձեզ առաջնորդէ իր մայրական բարեխօսութեամբ։ Ձեզմէ կը խնդրեմ նաեւ աղօթել Քահանայապետին համար, ան որպէս ս. Պետրոսի յաջորդը, շարունակէ իր առաքելութիւնը եղբայրները հաստատելու հաւատքին մէջ։ Թող ամէնքը որ Եկեղեցւոյ մաս կը կազմեմն` հովիւներն ու հաւատացեալները միշտ աւելի մօտ ըլլանք Տիրոջ, սրբութեան մէջ աճելու եւ ազդու վկայութիւն տանք որ Յիսուս Քրիստոսը ճշմարիտ Աստուծոյ Որդին է, մարդկութեան Փրկիչը եւ ողջ աղբիւրը մեր յոյսին։ Ամէն»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին խօսք առաւ Կարտինալ Սթանիսլավ Րիլքօն Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը ու ապա տեղի ունեցաւ երիտասարադութեան համաշխարհային օրուայ Խաչի յանձնումի արարողութիւնը, զոր 5 սպանացի երիտասարդներ յանձնեցին 5 պրազիլցի երիտասարհներուն, որով յաջորդ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը` ինչպէս հռչակեց սրբազան քահանայապետը կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ատեն, տեղի պիտի ունենան 2013-ին Պրազիլի Րիո Տէ Ժանէյրոյի մէջ։
Արարողութեան աւարտին սրբազան քահանայապետը ինքնաշարժով վերադառձաւ առաքելական դեսպանատուն, ուր սպանացի կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու հետ մասնակցեցաւ սիրոյ սեղանին։
Յետ միջօրէին՝ ժամը 17.15-ին, սրբազան պապը հրաժեշտ տուաւ առաքելական դեսպանատունէն ու մեկնեցաւ դէպի Մատրիտի միջազգային տօնավաճառքի կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ JMJ - երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կամաւորներուն հետ ու իրենց շնորհակալական ճառ մը արտասանելէ ու իր հայրական օրհնութիւնը տալէ ետք սրբազան Պապը ուղղուեցաւ դէպի Մատրիտի Բարաեաս Օդակայանը, ուր զինք դիմաւորեցին Սպանիոյ Արքայական ընտանիքը ու հրաժեշտի հակիրճ արարողութենէ մը ետք, ժամը 19-ին պապական օդանաւը վերադառձաւ Հռոմ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ