Կիրակի, 1 Ապրիլ 2012 - Հայ Տպագրութեան 500 ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն եւ «Ուրբաթագիրք»-ի ներկայացում


Պէյրութ

Հովանաւորութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան, ուրբաթ, 30 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ Կաթողիկէ միութեան «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Մեղապարտի «Ուրբաթագիրք»-ի ներկայացումը, հայկական տպագրութեան 500-ամեակին առիթով:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, որ նշեց, թէ «Ուրբաթագիրք»-ը հայ տպագրութեան ճանապարհը լուսաւորեց եւ սկիզբ հանդիսացաւ հայ իրականութեան մէջ նոր իրագործումներու:

Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան առաջին բանախօս, Անթիլիասի մայր տաճարի լուսարարապետ գերշ. Կոմիտաս արք. Օհանեան, որ յայտնեց, թէ «Ուրբաթագիրք»-ը Եկեղեցւոյ գանձերէն մէկն է, որ փրկուած հարստութիւն մըն է: Կոմիտաս սրբազան ըսաւ, որ Յակոբ Մեղապարտ անձամբ շարեց առաջին գիրքին գիրերը, կազմեց եւ իր ձեռքերով տպեց: Անթիլիասի մայր տաճարի լուսարարապետը աւելցուց, որ «Ուրբաթագիրք»-ը աղօթագիրք մըն է, «որուն միջոցով կարելի է պաշտպանուիլ չարէն: Կոմիտաս արք. Օհանեան նաեւ ներկայացուց «Ուրբաթագիրք»-ի հրատարակութեան պայմանները, աշխարհագրական դիրքին կարեւորութիւնը եւ հետագայ զարգացումները:

ՀԲԸՄ-ի «Նոր Սերունդ» պարախումբի ելոյթին յաջորդեց երկրորդ բանախօսութիւնը, զոր ներկայացուց բանասէր եւ «Կամար» պարբերաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան: Ան ներկայացուց հայրենիքէն հեռու առաջին գիրքի տպագրութիւնը կատարելու իրողութեան պատճառները: Այդ գծով Դանիէլեան նշեց, որ օրին Հայաստանի քաղաքական – տնտեսական պայմանները արգելք էին զարգացման: Ժիրայր Դանիէլեան մեծապէս գնահատեց 18-րդ դարուն Մխիթարեան միաբանութեան բեղուն գործունէութիւնը, որու առաջնորդն էր Մխիթար Սեբաստացին, որ հեռատես մարդ մըն էր: Ան ներկայացուց տարբեր դարերու հայ տպագրութեան պայմաններն ու դժուարութիւնները, եւ նշեց, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք տպագրութիւնը գերզգալի նահանջ արձանագրած է:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ մասով Թուխիկ Աւետիսեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ապրել» եւ «Մայրենի լեզու» ստեղծագործութիւնները: Հայկական տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը փակուեցաւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի պահպանիչով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ