Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2010 - Դեսպան Կապրիէլ Ժէարա այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան

 

Պէյրութ, Լիբանան

 

Երեքշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 18.00-ին, Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ընդունեց Հայաստանի մօտ Լիբանանի դեսպան պրն. Կապրիէլ Ժէարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։

 

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եւ դեսպանը  քննարկեցին Հայաստանի ընկերային­ քաղաքական իրավիճակը։

Դեսպանը անդրադարձաւ  փոքրամասնութիւններու կացութեան մասին, նշելով թէ ըստ կատարուած վերջին մարդահամարին Երեւանի Ամերիկեան համալսարանի հովանաւորութեամբ, հայ կաթողիկէներու թիւը Հայաստանի տարածքին 180 000 կը հաշուէ։

 Պրն. Ժէարա պարզեց նաեւ իր լաւ յարաբերութիւնները Էջմիածնի հետ, մանաւանդ ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. վեհափառին հետ։

 Ինչպէս նաեւ ան անդրադարձաւ Ղարաբաղի հարցին մասին, յայտնելով թէ Ղարաբաղը շատ կարեւոր միջնաբերթ մը կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար։ 

 

Հանդիպման աւարտին, դեսպանը արտայայտեց իր ջերմ զգացումները Հայաստանի եւ հայութեան հանդէպ, բարի մաղթանքներ փոխանակելով Հոգեւոր տիրոջ հետ:

 

Յիշենք, որ դեսպան պրն. Կապրիէլ Ժէարա տարիներ առաջ դասաւանդած է Հ. Կ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ