Պէյրութ
Երկուշաբթի 19 մայիս 2014-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդութեան Քեսապի Շտապ Օգնութեան Մարմինէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ հոգեւոր վարիչ՝ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի: Պատուիրակութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ տրամադրութեան տակ դրաւ մարմնին կազմակերպած դրամահաւաքի արշաւին հաւաքուած գումարը: