Գահիիրէ, Եգիպտոս
Երեքշաբթի, 21 յունուար 2014-ին, Գահիրէի Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի երեկոյ նուիրուած Սուրիոյ խաղաղութեան, նախաձեռնութեամբ «Եգիպտական-սուրիական ժողովրդային դիւանագիտութիւն» շարժումին եւ մասնակցութեամբ Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. հայր Գրիգոր եպս. Գուսանի եւ այլ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու: Արարողութեան բացումը կատարեց արհի. հայր Գրիգոր եպս. Գուսան, որ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Սուրիոյ խաղաղութեան համար: Ապա Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թէոտորոս Բ. պատրիարքին ներկայացուցիչը խօսք առաւ կոչ ուղղելով խաղաղութեան Միջին Արեւելքի մէջ, սրտանց աղօթելով եւ խնդրելով Աստուծմէ որ շրջանի ժողովուրդները միանան եւ ապրին համերաշխութեամբ:
Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ նշեց թէ խաղաղութիւնը չ'իրագործուիր ծայրայեղութեամբ: Ան յայտնեց թէ անհրաժեշտ է, որ բոլորը ճանչնան տարբերութիւնները եւ Աստուած չէ լիազօրած ոեւէ անհատ կամ խումբի ու կրօնքի մը հետեւորդները սպաննել մարդիկ Աստուծոյ անունով: