Հայրապետական Օրհնութեան Գիր
Լատին Ամերիկայի Առաքելական էքզարքութեան ստեղծման 30 ամեակին
եւ Արհիապատիւ հայր Վարդան եպ. Պօղոսեանի եպիսկոպոսական օծման 30 ամեակին զոյգ առիթներուն
Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտէցէ՛ք բոլոր ազերը... Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել՝ ինչ որ պատուիրեցի ձեզի։ Եւ ահաւասիկ ես ձեզի հետ եմ ամէն օր՝ մինչեւ աշխարհի կատարածը (Մատթ. 28, 19-20)։
Քրիստոսաւանդ այս աստուածային պատուէրը՝ ուղեգիծը եղած է Եկեղեցւոյ հայրապետներուն, որոնք նորածին Եկեղեցւոյ առաջին օրերէն իսկ գործած են այս հիմնական սկզբունքի հոգիով։
Միեւնոյն հոգիէն մղուած եւ հետեւելով մեր Հայ կաթողիկէ համայնքի աշխարհասփիւռ հաւատացեալներուն, երջանկայիշատակ Հմայեակ Պետրոս ԺԷ. Կետիկեան կաթողիկոս պատրիարքի օրով, երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը Լատին Ամերիկայի այս հատուածը օժտած է եկեղեցական եքսարքութեան կարգավիճակով, որպէսզի հովուական ծիրէն ներս կարողանայ լաւագոյնս ծառայել մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ իմացական, ինչպէս նաեւ ազգային եւ կրթական կարիքներուն։
Անցեալ երեք տասնամեակներու ընթացքին, շնորհիւ մեղուաջան եւ առաքելական հարազատ եռանդով օծուն՝ Արհի. Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեան՝ առաջնորդի նախաձեռնութեամբ, եւ իր անխոնջ կազմակերպչական գործունէութեամբ, մեր համայնքը ունեցաւ իրեն վայել եկեղեցական եւ հոգեւոր ծառայութիւններու՝ հաստատութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք անսասան եւ իսկական արժէքներն են Քրիստոսի Եկեղեցւոյ եւ Իր մնայուն ներկայութեան հաւաստիքը մեր հայազգի որդիներուն մօտ։
Մեր կատարած Հովուպետական այցելութեան ընթացքին Հարաւային Ամերիկա, անձնապէս շօշափեցինք եւ մօտէն իսկ ապրեցանք այն խանդավառութիւնը, որ ստեղծած էին այս հոգեւոր կազմակերպութիւնները մեր սիրելի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն մէջ, որոնք կը մնան որպէս խօսուն վկաները Լատին Ամերիկայի եքսարքութեան։
Եղբայրական մեր լաւագոյն զգացումները եւ գնահատական խօսքերը կուղղենք մեր լծակից առաջնորդ եքսարքին՝ հայր Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանին, իր եպիսկոպոսական սուրբ օծման 30 ամեակին, մաղթելով իրեն որ Աստուծոյ շնորհքով եւ միեւնոյն եռանդով շարունակէ իր հոգեւոր բեղուն եւ ազգօգուտ առաքելութիւնը, ի սպաս հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ ի պայծառութիւն մեր ժողովուրդին։
Աստուծոյ մեծագոյն փառքը տալով եւ սրտի խոր գոհունակութեամբ, կը շնորհաւորենք մեր Լատին Ամերիկայի եքզարքութեան ստեղծման եւ առաջնորդ գերապայծառ հայր Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանի՝ 30 ամեայ այս զոյգ յոբելեանները, Ամենակալէն հայցելով իր աստուածառատ շնորհքները եւ օրհնութիւնները։
Հայրապետական օրհնութեամբ՝
Ներսէս Պետրոս ժԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
տուեալ կաթողիկոսական աթոռէն Զմմառ