Հինգշաբթի, 18 Յունիս 2015 - Երեւանի մէջ բացուեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու նոր կեդրոնը

 

Երեւան

 

2015 յունիսի 13-ին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ «Անի Պէզիքեան Երիտասարդական Կեդրոն»ին, որ կառուցուած է զուիցերիաբնակ Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններու բարերարութեամբ։ Բարերար ամոլը անձամբ կատարեց կեդրոնին բացումը։  Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսաստանի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տիար Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը, Պապական նուիրակ Մարեկ արքեպիսկոպոս  Սոլչինսկին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տիար Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեէմէզեանը, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի մայր Եւդոքսիա Քէշիշեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, դեսպաններ եւ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ եւ պաշտօնական այլ հիւրեր, որոնք ծանօթ են Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու գործունէութեան Հայաստանի մէջ:

 

«Անի Պեզիքեան կեդրոն»ը, որպէս բնակութեան եւ զարգացման վայր, պիտի ծառայէ Անարատ Յղութեան քոյրերու հիմնած Պօղոսեան կրթահամալիրի այն սաներուն, որոնք կ’ուսանին Երևանի բուհերուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մարզերէն Երևանի մէջ ուսանող այլ կարիքաւոր երիտասարդ աղջիկներու: Կեդրոնին մէջ ուսանողներուն կը տրամադրուին նաեւ ընկերային եւ մասնագիտական հմտութիւններու զարգացման հնարաւորութիւններ, որոնք կ’օգնեն անոնց կեանք մտնել՝ որպէս լիարժէք քաղաքացիներ:

 

Բացման արարողութենէն ետք գերապայծառ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպս Մինասեանը եւ Պապական Նուիրակը օրհնեցին նորակառոյց կեդրոնին  շէնքը եւ օծեցին կեդրոնի մատրան սուրբ Խորանը:

 

Յաւարտ արարողութեան Նարեկ արքեպիսկոպս Սոլչինսկին բարերարուհի տիկին Անի Պէզիքեանին յանձնեց կեդրոնին շնորհուած քահանայապետական շքանշանը՝ ի գնահատումն հայ քոյրերու արգասաբեր գործունէութեան:

 

Բացման արարողութեան աւարտին, ներկաները համախմբուեցան ագապին շուրջ, շնորհաւորելով բարերար ամոլը, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը  եւ  Միաբանութեան Հայաստանի մեծաւորուհի քոյր Արուսեակը։

 

Նոյն օրը երեկոյեան Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբը համերգ տուաւ Երևանի Կոմիտասի անուան կամերային Երաժշտութեան տան մէջ՝ ի պատիւ բարերարներ Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններուն:

 

Տիրամայր Հայաստանի Պօղոսեան կրթահամալիրը

 

Պօղոսեան կրթահամալիրը կը հոգայ  իր խնամքին տակ գտնուող սաներու դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը` հաւատարիմ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու  առաքելութեան ու նպատակներուն:

 

Ներկայիս կրթահամալիրին մէջ կ’ապրին 36 սաներ, իսկ  10 սաներ ալ աջակցութիւն կը ստանան իրենց ուսումնական կարիքներուն համար:

 

Կրթահամալիրի 7 սաներ կ’ուսանին Երեւանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ. երկուքը կը յաճախեն Բժշկական համալսարան, մէկը` Կոմիտասի անուան Երաժշտանոց, միւսը` Երեւանի պետական համալսարան, երեքը՝ Մխիթարեան կրթահամալիր:  Սաներէն երեքը  կ’ուսանին Կիւմրիի տարբեր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ:

 

Այս տարի մէկ սանուհի աւարտեց Ամերիկեան Համալսարանը: Փոքրերը կը շարունակեն յաճախել պետական դպրոցներ, կը մասնակցին արտադպրոցական դասերու` երգ, պար, լեզուներ, համակարգիչ, եւ այլն: Վերջերս կեդրոնի սաներէն չորսը ամուսնացան եւ կ’ապրին իրենց նոր ընտանիքներով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ