Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2008 - 10-րդ Տարեդարձ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի

Հռոմ, Իտալիա

Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի հիմնարկութեան 10-րդ տարեդարձին առիթով, նախագահութեամբ Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերեջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Կիրակի 26 Հոկտեմբեր 2008ին, Հռոմի Հայ համայնքը հաւաաքուած էր  Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին, ուր Լեւոնեան Վարժարանի Մեծաւոր՝ Հայր Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեան, մատուցեց Ս. Պատարագ: Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը եւ Լեւոնեան Դպրեվանքի  աշակերտները ղեկավարութեամբ Եղբայր Եղիշէ Ճանաչեանի:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ տասնամեակի հանդիսութիւնը,  որու ընթացքին խօսք առին յաջորդաբար Խորհուրդի անդամ՝ Նուարթ Գրիգորեան, որ ներկայացուց կարեւորագոյն ձեռնարկները, որոնք իրագործուեցան տասը տարիներու ընթացքին եւ ապա բեմ հրաւիրեց Հայաստանի Դեսպանի հաւատարմատար՝ Տիգրան Սամվէլեանը,  որ բարձր գնահատեց Խորհուրդի տարած համահայկական աշխատանքը:
Քաջալերական խօսք ուղղեց Մարքօ Թոքաթթի՝ հրապարակագիր եւ հեղինակ հայկական պատմութեան հետ կապ ունեցող զանազան գրքերու: Հռոմի քաղաքպետարանի կողմէ եկած էր Ֆետերիքօ Ռոքքա, որ խօսք առնելով հանդիաստեսին նարկայացուց զանազան ձեռնարկները որոնք կատարուած էին Հռոմի քաղաքպետարանի աջակցութեամբ եւ քաջալերանքով:
Ապա խօսք առաւ Հայր Քէլէկեանը, որ դրուատեց Խորհուրդի գործունէութիւնը եւ անոր տուած աջակցութիւնը վարժարանին, վեր առնելով անոր համացանցային ուժգնութիւնը եւ ներկայութիւնը համաշխարհային գետնի վրայ, մաղթելով յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն:
Հայր Յովսէփի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն տասնամեայ գործունէութեան մասին, որմէ ետք  ջուդակահար Արկինէ Ստեփանեան ընկերակցութեամբ Տիանա կարապետեանի դաշնամուիրի վրայ կատարեցին Կոմիտասի Կռունկը եւ Նոքթիւրնը արժանանալով հանդիսատեսի խանդավառ ծափահարութեան: 
Խորհուրդի անդամներէն Ռօպէր Աթթարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ պաշտօնական հրաւիրեալներուն իրենց անվերապահ մասնակցութեան համար եւ հրաւիրեց Ամեն.Հոգեւոր Տէրը իր պատգամը փոխանցելու այս առթիւ: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր կարգին քաջալերեց Հռոմի Հայկական Խորհուրդը յառաջ տանելու իր ազգօգուտ գործունէութիւնը եւ շարունակելու իր սերտ  գործակցութիւնը Լեւոնեան Վարժարանի հետ: Յիշեց նաեւ թէ 2 Շաբաթ առաջ Լեւոնեան Վարժարանի իր անձանակն դահլիճին մէջ ընդունած էր Խորհուրդի բոլոր անդամները իրենց հետ ծանօթանալու համար եւ իրենց տալու իր հայրական օրհնութիւնը:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան Վարժարանի բակը եւ ճաշակեցին Խորհուրդի նախագահին՝ Սարկաւագ Միքայէլ Ճանճիի պատրաստած համեղ ճաշերը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ