Պէյրութ
Կիրակի, 19 յունուար 2014, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պէյրութի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն ըստ հայ ծէսին, Եկեղեցիներու միութեան շաբթուան բացման առիթով, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի միջեկեղեցական համամիութեան յանձնախումբին: Արարողութեան մասնակցեցան մարոնիներու Րաիի պատրիարքը, ասորի կաթողիկէ Եունան պատրիարքը, Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ Կապրիէլ Քաչչիա, եպիսկոպոսներ եւ տարբեր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին մէջ նշեց թէ քրիստոնեաներու միութիւնը կը մեկնի Յիսուս Քրիստոսի այն խորհրդանշական պատուիրանէն թէ Տէրը աշխարհ ղրկեց իր միածին որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, երկրի վրայ համայն մարդկութեան փրկութեան համար: Հոգեւոր Տէրը յայտնեց թէ ասիկա ներկայիս մեծ մարտահրաւէր է բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար, որովհետեւ անոնք իրենց բաժանումներով չեն իրագործեր Քրիստոսի այս պատուիրանն ու անոր փրկչագործական առաքելութիւնը: Ապա ան անդրադարձաւ միասնականութեան եւ սիրոյ շնորհքներուն, որոնք յիշուած են Աւետարանին մէջ՝ «Սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս որ ես ձեզի սիրեցի» (Յովհ 13, 34-35), եւ որոնց միջոցաւ միմիայն կարելի է ճշմարիտ քրիստոնեաներ դառնալ:
Հոգեւոր Տէրը հաստատեց նաեւ թէ միութիւնը նախ եւ առաջ Սուրբ Հոգիին շնորհքն է, որ մարդոց տրուեցաւ Հոգեգալստեան օրը: Հետեւաբար, ան հրաւիրեց բոլոր քրիստոնեաները աղօթքով դիմելու Սուրբ Հոգիին հասնելու համար կատարեալ միութեան, որ բոլորին կը հարստացնէ եւ վախը սրտերէն դուրս կը հանէ:
Նկատի առնելով ներկայ դժուար պայմանները, Հոգեւոր Տէրը կոչ ուղղեց համամիութենական միասնական ոգիով գործելու ի սպաս քրիստոնեայ իսկական հաղորդութեան: Ան եզրափակեց իր խօսքը յոյս յայտնելով այս ուղղութեամբ՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ ծանր պայմաններուն, եւ միշտ հաւատալով թէ Աստուծոյ մօտ ամէն բան կարելի է:
Ապա հայ կաթողիկէ Պատրիարքական համամիութեան յանձնախումբի հոգեւոր վարիչ՝ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան կարդաց Սուրբ Աթոռի Համամիութեան խորհուրդի նախագահ կարդինալ Քիւրդ Քէօխի ուղերձը, որուն մէջ ան կը շեշտէ Եկեղեցիներու համամիութեան կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ հայ կաթողիկէ երիտասարդական միութիւնները՝ սկաուտները, ՀԿՄ.ի պատանիներն ու շեփորախումբը իրենց մասնակցութիւնը բերին այս արարողութեան: